Գոհաբանական Աղօթք եւ Դափնեպսակներու Զետեղում Նէա Զմիռնիի Յուշար­ձանին Առջեւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ կանգ­նած ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նին կող­մէ եւ կը վա­յե­լէր յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ պաշ­տօ­նա­կան բազ­մա­թիւ հիւ­րե­րու եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու։

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը ներ­կա­յա­ցուց ե­րես­փո­խան Իոան­նիս ­Լո­վեր­տոս։ ­Ներ­կայ ե­ղան խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց կար­գին «Փ­լեւ­սի» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ եւ խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Զոի ­Քոնս­թան­տո­փու­լու, «­Փա­սօք» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, Ատ­տի­կէի փոխ­մարզ­պե­տը, ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նեակ փոխ­քա­ղա­քա­պե­տեր, մարզ­պե­տա­կան, քա­ղա­պե­տա­կան խորհր­դա­կան­ներ, ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ քա­ղա­քի հա­սա­րա­կա­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ։

­Հայ­կա­կան կող­մէն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին  ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ ­Յով­սէփ ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեան, Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, հո­գե­ւոր դա­սը, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Սա­ղեան, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հիւ­պա­տոս ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէն, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը, ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ պա­տա­նե­կան սե­րուն­դի ստո­ւար խումբ մը եւ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ։ ­Պա­տո­ւոյ դիրք գրա­ւած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան խում­բե­րու յատ­կան­շա­կան միա­ւոր մը, Ե­ռա­գոյն եւ յու­նա­կան դրօ­շակ­նե­րով։

Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ 109 տա­րի ան­պատ­ժե­լի մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ա­ռա­ւել՝ ան իր խօս­քը կեդ­րո­նա­ցուց Ար­ցա­խի ող­բեր­գու­թեան վրայ, մատ­նան­շե­լով թուր­քե­ւազր­պէյ­ճա­նա­կան ցե­ղասպա­նա­կան ա­րարք­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք մեր կայ­քէ­ջին վրայ։

­Յա­ջոր­դա­բար, ան հրա­ւի­րեց ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քի­սը, որ յու­զու­մով խօ­սե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի եւ ­Սի­սիան քա­ղա­քի եղ­բայ­րաց­ման մա­սին, միա­ժա­մա­նակ իր յու­շե­րը պատ­մե­լով Ար­ցախ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն տա­րի­ներ ա­ռաջ։ Ան եւս դա­տա­պար­տեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը եւ կոչ ուղ­ղեց մարդ­կու­թեան՝ ան­հա­տոյց չթո­ղել հայ ազ­գին դէմ կա­տա­րո­ւած մեծ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը։

­Հեր­թա­բար, խօսք ա­ռին խորհր­դա­րա­նի եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ պա­հան­ջե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­թուր­քիոյ կող­մէ։ Ա­նոնք եւս, անդ­րա­դար­ձան Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փու­մին, մաս­նա­ւո­րե­լով պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թեան ան­տար­բե­րու­թեան կե­ցո­ւած­քը հան­դէպ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ող­բեր­գու­թեան։

Յաջորդաբար, յուշակոթողին շուրջ բոլորուեցան յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ հոգեւոր դասը, որոնք սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարեցին գոհաբանական եւ բարեխօսական աղօթք Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած անմեղ զոհերու յիշատակին:

Հուսկ՝ առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին ընդգծեց, թէ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը վառ կը մնայ, միայն երբ այն կը փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն: Հետեւաբար, բոլորիս գերագոյն պարտքն է պահանջատիրութեան ոգին եւ պայքարի աննկուն կամքը փոխանցել հայ նոր սերունդին, որոնք պիտի դառնան դրօշակակիրը Հայ Դատի ու հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րու պա­տո­ւոյ ազ­դան­շա­նին տակ, տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպստակ­նե­րու զե­տե­ղում։ ­Խորհր­դա­րա­նի եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ խո­նար­հե­ցու­ցին ե­րես­փո­խան Իոան­նիս ­Լո­վեր­տոս եւ ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Զոի ­Քոնս­թան­տո­փու­լու, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քին ա­նու­նով քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, Ատ­տի­կէի փոխ­մարզ­պե­տը, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Սա­ղեան, Հ.Հ. հիւ­պա­տոս ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան կող­մէ Է­լէ­նի ­Տա­նիի­լի­տու եւ հայ գա­ղու­թին ա­նու­նով ընկ. ­Կա­րօ ­Կեն­դա­նեան։

­Յու­զու­մի մթնո­լոր­տին մէջ լսո­ւե­ցան հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ սկաու­տա­կան փա­ղան­գը պա­տո­ւի կանգ­նած էր։ Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը մօ­տե­ցաւ յու­շար­ձա­նին եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց յու­շար­ձա­նին շուրջ։

Այ­նու­հե­տեւ, բո­լոր ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը, մաս կազ­մե­լու հա­մար ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։