Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հալէպի Բուժհաստատութիւններուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 25-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդոյթի, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն։

Բժշկական կեդրոններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն՝ տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամենօրեայ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսութեան՝ մշտական աջակցութեան համար։