Անոյշ Թորանեան Ընտրուած է Փարիզի 15-րդ Վարչական Շրջանի Ղեկավար

Հայուհի Անոյշ Թորանեան ընտրուած է Փարիզի 15-րդ վարչական շրջանի ղեկավար: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` Թորանեան ընտրութիւններուն յաղթած է թուրք մրցակցուհիին: Անոյշ Թորանեան Փարիզի գործող քաղաքապետ Անն Իտալկոյի համախոհն ու մօտ ընկերուհին է: Նախապէս […]

Բերձորի Մէջ Ամերիկահայ Բարերարի Յիշատակին Յուշակոթող Զետեղուած Է

«Գուրգէն Մելիքեանի՝ Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներ»-ու հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ՝ ամերիկահայ բարերար Նիք Քանեանի յիշատակին, Բերձորի մէջ յուշակոթող զետեղուած է: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Artsakhpress.am-էն։ Բերձորի քաղաքապետ Նարեկ Ալեքսանեան յայտնած է, որ […]

Ճորճ Թոտորովիչ՝ Սերպիոյ Մէջ Հայկական Ծագումով Առաջին Երեսփոխանը

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին յարաբերական մեղմացումէն ետք, Եւրոպայի տարածքին խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան Սերպիոյ մէջ: Կիրակի, 21 Յունիսի ընտրութիւններուն իշխող «Սերպիոյ յառաջդիմական կուսակացութեան» (SNS) ընտրացանկէն երեսփոխան ընտրուեցաւ հայկական ծագումով 29-ամեայ […]

Բրիտանիոյ Մէջ Վերականգնուած Է Հայաստանի Հետ Խորհրդարանական Խումբը

1 Յուլիսին տեսակապի միջոցով գումարուած է Բրիտանիա¬Հայաստան խորհրդարանական խումբի անդրանիկ հանդիպումը, որուն մասնակցած են նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ընթացքին խումբի ղեկավար ընտրուած է Պահպանողական կուսակցութենէն երեսփոխան […]

Արաբական Աշխարհի Հիւլէական Բնագաւառի Առաջին Կին Բժիշկը Լիբանանահայ Մըն Է

“Ազդակ”,- Կ՛ապրինք բաւական ճնշիչ եւ դրական տրամադրութենէ զուրկ օրեր, սակայն միշտ ալ կայ գեղեցիկն ու հպարտութիւն առթողը: Արդարեւ, այս ճգնաժամային օրերուն, երբ մեր շուրջ մտահոգութիւնները շատ են, իսկ ժխտականը` տիրական, […]

Յաջողած Ենք Կանխել Թրքամէտ Եւ Ազրպէյճանամէտ Թեկնածուներու Յաղթանակը. Շիրինեան

Ֆրանսայի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գոհացուցիչ են ֆրանսահայ համայնքին համար.  «Ֆրանսայի ընտրութիւններուն հայ համայնքին համար երկու կարեւոր հանգամանք կայ. առաջինը թուրք-ազրպէյճանական աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներու չընտրուիլն […]

Տաշիր Հիմնադրամը 300 Հազար Տոլար Նուիրաբերած Է Հայաստանի Շտապ Օգնութեան Ծառայութեան Աշխատակիցներուն

«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 300 հազար տոլարին համարժէք դրամ նուիրաբերած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին՝ Հայաստանի շտապ բժշկական օգնութեան ծառայութեան 1786 բժիշկներուն, բուժքոյրերուն, բուժակներուն, մաքրութեան ոլորտի աշխատողներուն, շարժավարներուն ու վարորդներուն միանուագ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու […]

Տոմինկօ Հինտոյեան Պիտի Ստանձնէ Լիվըրփուլի Ֆիլհարմոնիքին Ղեկը

Խմբավար Տոմինկօ Հինտոյեան Սեպտեմբեր 2021-ին պիտի ստանձնէ Լիվըրփուլի Արքունի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ղեկը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթէն։ «Հիանալի հաւաքական ուժ է այս նուագախումբը, որ կազմուած է […]

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Հանդիպած է Պոլսահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցած է Պոլսոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան միջոցով։ Հանդիպման գլխաւոր […]

Երուսաղէմի Քաղաքապետը Ներկայ Եղած է Հայկական Յախճապակիի Արուեստին Նուիրուած Ցուցահանդէսին

Երուսաղէմի քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը նախօրէին այցելած է «Բնութեան թանգարան»՝ դիտելու հայկական յախճապակիի արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի հայոց  պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան։  Ցուցահանդէսը նուիրուած է Սուրբ Երկրին […]