Տաշիր Հիմնադրամը 300 Հազար Տոլար Նուիրաբերած Է Հայաստանի Շտապ Օգնութեան Ծառայութեան Աշխատակիցներուն

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 300 հազար տոլարին համարժէք դրամ նուիրաբերած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին՝ Հայաստանի շտապ բժշկական օգնութեան ծառայութեան 1786 բժիշկներուն, բուժքոյրերուն, բուժակներուն, մաքրութեան ոլորտի աշխատողներուն, շարժավարներուն ու վարորդներուն միանուագ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի տարածած համատեղ հաղորդագրութենէն, որուն մէջ կը նշուի․

«Այսօր շտապ օգնութեան բժշկական աւագ, միջին, կրտսեր եւ օժանդակ ծառայողները նիւթական աջակցութիւն ստացան համաձայն ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած հետեւեալ բաշխման ցուցակին՝ Երեւան – 36,930,000 դրամ, Կոտայքի մարզ – 16,020,000դրամ, Լոռիի մարզ – 16,645,000 դրամ, Շիրակի մարզ – 13,330,000 դրամ, Արարատի մարզ – 11,740,000 դրամ, Արմաւիրի մարզ – 9,795,000 դրամ,Գեղարքունիքի մարզ – 9,985,000 դրամ, Սիւնիքի մարզ – 8,630,000 դրամ, Արագածոտնի մարզ – 7,960,000դրամ, Տաւուշի մարզ – 7,925,000 դրամ, Վայոց Ձորի մարզ – 4,890,000 դրամ։

Նշենք, որ «Տաշիր» հիմնադրամի հետ համագործակցութիւնը կը կրէ շարունակական բնոյթ։ Դեռ Ապրիլին «Տաշիր» հիմնադրամը եւս 100,000 ԱՄՆ տոլար փոխանցած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին։ Միջոցներուն մէկ մասը ուղղուեցաւ «քորոնա» ժահրի յաղթահարման ուղղուած քայլերուն, մնացեալ մասը՝ Ռուսիայէն վերադարձող ՀՀ քաղաքացիներու տեղափոխման ֆինանսաւորման։

Ս․թ․ Մարտ 18-էն սկիզբ առած համահայկական «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք–արշաւը կ՝իրականացուի ՀՀ նախագահի, ԱՀ նախագահի, սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութամբ։

Ընդհանուր առմամբ, արդէն հաւաքագրուած է 770,000 ԱՄՆ տոլար, որմէ շուրջ 600 հազարը արդէն ուղղուած է մեծածաւալ բժշկական պարագաներ եւ սարքեր առնելուն, շտապ օգնութեան անձնակազմի նիւթական աջակցութեան,  Երեւանի եւ մարզերու կարիքաւոր ծերերուն ամենամսեայ սնունդի մատակարարման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներու Հայաստան վերադարձին։ Միեւնոյն ժամանակ արտերկրէն եղած են մեծածաւալ նուիրատւութիւններ ապրանքի տեսքով, որոնք փոխանցուած են առողջապահութեան նախարարութեան։ Դրամահաւաք-արշաւին ընթացքին կը շարունակէ ընդլայնուիլ նաեւ համահայկական ցանցը, կը ստեղծուին նոր համագործակցութիւններ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու հետ։

Համահայկական այս կարեւոր շարունակական ձեռնարկին կրնաք միանալ հետեւեալ յղումով՝ www.himnadram.org»։