Տոմինկօ Հինտոյեան Պիտի Ստանձնէ Լիվըրփուլի Ֆիլհարմոնիքին Ղեկը

Աշխարհ, Սփիւռք

Խմբավար Տոմինկօ Հինտոյեան Սեպտեմբեր 2021-ին պիտի ստանձնէ Լիվըրփուլի Արքունի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ղեկը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթէն։

«Հիանալի հաւաքական ուժ է այս նուագախումբը, որ կազմուած է փայլուն անհատներէ։ Խանդավառուեցայ ոչ միայն նուագախումբով, այլ նաեւ Լիվըրփուլ քաղաքի աշխուժութեամբ եւ երաժշտութեան ու մարզանքին հետ անոր պատմական կապով: Նուագախումբը արուեստի հիմնական դեսպանն է եւ մեր առաջնահերթ մտահոգութիւններէն պիտի ըլլայ մեր կատարած երաժշտութեան՝ մեծ ժառանգութիւնը պահպանելը, աննախադէպ հնչիւններով հանդիսատեսը ողջունելը եւ արդիւնաւէտ ուսումնական նախագծերով՝ նոր սերունդներու համար ապագայ կերտելը: Միասնաբար պիտի կերտենք երաժշտութեան պատմութեան մէջ նոր գլուխ մը»,- կ՛ըսէ Հինտոյեան։

Ան ներկայիս Լեհաստանի Ազգային ձայնասփիւռի սիմֆոնիք նուագախումբի հիւր խմբավարն է: Հինտոյեան աշխատած է միջազգային ճանաչում ունեցող շարք մը նուագախումբերու եւ օփերաներու հետ, ինչպէս՝ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, «Մեթրոփոլիթըն» օփերային, Վիեննայի «Սթաատեր»ին, Սեն Փեթերսպուրկի ֆիլհարմոնիքին եւ «Mariinsky» թատրոնին: Ան ծնած է 1980ին, Վենեզուելայի Քարաքաս քաղաքը, հալէպահայ մօրմէ: Ան, իբրեւ ջութակահար սկսած է իր երաժշտական ուսումին, զոր կատարելագործած է Ժընեւի մէջ: