Բրիտանիոյ Մէջ Վերականգնուած Է Հայաստանի Հետ Խորհրդարանական Խումբը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

1 Յուլիսին տեսակապի միջոցով գումարուած է Բրիտանիա¬Հայաստան խորհրդարանական խումբի անդրանիկ հանդիպումը, որուն մասնակցած են նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին ընթացքին խումբի ղեկավար ընտրուած է Պահպանողական կուսակցութենէն երեսփոխան Թիմ Լոթընը:

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս (Լորտերու պալատ) ներառուած է խումբին մէջ իբրեւ համանախագահ, երեսփոխաններ Էնտրիւ Ռոզինտելը, Ճէյմս Կրէյը, Մարք Փրիթչըրտը (բոլորը` Պահպանողական կուսակցութենէն), Ֆերիալ Քլարքը (Աշխատաւորական կուսակցութիւն) իբրեւ փոխնախագահներ, իսկ Ճէյմս Միւրէյը (Աշխատաւորական կուսակցութիւն)` իբրեւ լիազօր պատասխանատու:

Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Անեթ Մոսկոֆեան նշանակուած է խումբի քարտուղար: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձած է տարբեր ուղղութիւններով խումբի կողմէ կատարուելիք աշխատանքներուն եւ անոր հետապնդած նպատակներուն` ընդգծելով նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան գործօնը եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

Խումբի նպատակը պիտի ըլլայ առաւել զարգացնել հայ¬բրիտանական խորհրդարանական կապերը եւ նպաստել երկկողմանի համագործակցութեան` առեւտուրի, զբօսաշրջութեան, կրթութեան զարգացման եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին, երեսփոխաններու խնդրանքով, դեսպանատան ներկայացուցիչը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» համաճարակի առնչուած իրավիճակին եւ զայն յաղթահարելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն: