Փայլանը Վանի «Սուրբ Կոյսեր» Մենաստանի Պահպանման Հարցը Բարձրաձայնած Է Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Ներս

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը «Սուրբ Կոյսեր» հայկական մենաստանի հարցը բերած է Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Վանի Գիւրփընար շրջանի Աքբոյու թաղամասին մէջ գտնուող «Սուրբ Կոյսեր» վանական համալիրը կը շարունակէ թիրախ ըլլալ գանձախոյզներու համար եւ շարունակաբար աւերուիլ։ Հայ պատգամաւորը յիշեցուցած է, որ 16-րդ դարու կառոյց համարուող այս համալիրը ժամանակին ապաստան տուած է շուրջ 300 կոյսերու եւ տարածաշրջանին մէջ եղած է կարեւոր կրթական կեդրոն։

«Նաեւ ճարտարապետական տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս կառոյցը ցաւօք տարիներ շարունակ լքուածութեան եւ գանձախոյզներու վանտալութեան հետեւանքով արդէն գրեթէ լիովին ոչնչացման եզրին է։

Գանձախոյզներու գործունէութեան եւ իշխանութիւններու անտարբերութեան հետեւանքով՝ Վանի եւ շրջակայքի պատմամշակութային կոթողները կ՝աւերուին»,- նշած է պատգամաւորը։

Փայլան ներկայացուցած է հարցադիմում՝ ակնկալելով մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պատասխանը։ Պատգամաւորը փորձած է պարզել, արդեօք Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուի՞ն վերականգնել «Սուրբ կոյսեր» վանական համալիրը։ Ան ներկայացուցած է հետեւեալ հարցերը․

«1․ Պարզուա՞ծ է արդեօք, թէ ովքեր գանձ գտնելու նպատակով հորատումներ կ՝ընեն «Սուրբ կոյսեր» մենաստանին մէջ եւ անոր շուրջ, անոնց դէմ իրաւական գործընթաց յարուցուա՞ծ է։

2․ Ինչո՞ւ Ձեր նախարարութիւնը պահպանութեան տակ չ՝առներ «Սուրբ կոյսեր» մենաստանն ու Վան նահանգին մէջ գտնուող միւս քրիստոնէական պատամական կառոյցները։

3․ «Սուրբ կոյսեր» մենաստանի վերակառուցման ուղղուած որեւէ աշխատանք կը ծրագրէ՞ք:

4․ Կազմուա՞ծ է արդեօք Վան նահանգին մէջ գտնուող եւ հայերու կողմէ կառուցուած մենաստաններու, եկեղեցիներու եւ մշակութային կառոյցներու ցուցակը։

5․ Հայերէն մնացած մշակութային հետքերու ոչնչացումը մինչ օրս պետական քաղաքականութիւն եղած է։ Կը մտածէ՞ք արդեօք որեւէ փոփոխութիւն մտցնել այս քաղաքականութեան մէջ։