Լին Թրէյսին Որպէս Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպան Երդում Տուաւ

Լին Թրէյսին որպէս Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան երդում տուած է` Թուիթըրի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային ներուժի եւ դիւանագիտական ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Քարոլ Զ. Փերեզը։ […]

Միացեալ Նահանգներ Որոշած է Սուրիոյ Մէջ «Խաղաղապահ Զօրք» Ձգել

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները որոշած են Սուրիոյ մէջ «փոքր խաղաղապահ զօրք» թողուլ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը` Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Սառա Սանտըրսին յղումով: Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումէն ետք այնտեղ մօտ 200 զինուորականէ […]

Թուրքիա Ռազմափորձեր Կը Կատարէ Հայաստանի Սահմանին Վրայ

Թուրքիա միջազգային տարողութեամբ ռազմափորձեր կը կատարէ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ` Կարսի շրջանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: «Ձմեռ-2019» անունով ռազմափորձերուն կը մասնակցին 15 երկիրներ: Նաեւ կը հաղորդուի, որ […]

Արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ Մէջ Անհետանալու Վտանգը Դիմագրաւող Լեզու Է. ԵՈՒՆԵՍՔՕ

ՄԱԿ-ի Կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլաս»ին դասակարգումով՝ արեւմտահայերէնը համարուած է Թուրքիոյ տարածքին անհետացման վտանգին տակ գտնուող լեզուներէն մէկը: Ատլասին խմբագիրը՝ Քրիս Մոլզի, պատասխանելով «Պի.Պի. Սի.»-ի […]

Ռազմական Արտադրութեան Ոլորտին Մէջ Կը Ստեղծուի 200 Նոր Աշխատատեղ

Հայաստանի կառավարութիւնը մաքսային արտօնութիւն տրամադրեց «Արսենալ ԼՏԴ» ընկերութեան՝ գերակայ կարեւորութիւն ներկայացնող ոլորտին մէջ ներածուող սարքաւորումներու, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներածման համար, կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը: Տնտեսական զարգացման […]

Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հայաստան կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան […]

Կարօ Փայլանը Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով Գրառում Կատարած է

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ անդամ Կարօ Փայլանը, իր Facebook-ի եւ Twitter-ի էջերուն վրայ գրառում կատարած է: Բացի գրառումէն, ԺԴԿ կուսակցութեան տեսաուղերձով հայերէն ուղերձ մը յղած է. «Համառօրէն մեր […]

ԵՄ-ն Հայաստանին 31 Միլիոն Եւրոյի Դրամաշնորհ Պիտի Յատկացնէ

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Եւրոպական միութեան հետ «ԵՄ-ն Հայաստանի համար. տարածքային զարգացում» ֆինանսաւորման համաձայնագրի ստորագրման առաջարկին: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան նշեց, որ համաձայնագիրին ծիրէն ներս՝ ԵՄ-ն Հայաստանին երկրին […]

Թուրքիոյ Քաղաքաշինութեան Նախարարութիւնը կը Խոստանայ Վերանորոգել Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին

Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը խոստանայ վերանորոգել Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ վերջին տարիներուն մեծապէս վնասուած է քրտական բանուորական կուսակցութեան դէմ թրքական ուժայիններու գործողութիւններուն հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Daily Sabah պարբերականը։ Հայկական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ տեղի քաղդէական եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախսերը կառավարութիւնը վերցուցած է իր վրայ: Սուրի ղեկավար Ապտուլլահ Չիֆթչին յայտնած է, թէ կ՝ակնկալեն, որ վերանորոգման աշխատանքները, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ պիտի […]

Եւրոխորհրդարանը Ընդունած է Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կասեցնելու Առաջարկը

Եւրոխրոհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է եւրոընդելուզման շուրջ Թուրքիոյ հետ ընթացող բանակցութիւնները պաշտօնապէս առկախելու վերաբերեալ առաջարկը։ Առաջարկը եղած էր Եւրոխորհրդարանի` (ԵԽ) Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրիի կողմէ։ Այս մասին կը հաղորդէ […]