Լին Թրէյսին Որպէս Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպան Երդում Տուաւ

Աշխարհ, Հայաստան

Լին Թրէյսին որպէս Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան երդում տուած է` Թուիթըրի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային ներուժի եւ դիւանագիտական ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Քարոլ Զ. Փերեզը։

«Լինը երկար եւ յաջող դիւանագիտական ծառայութիւն անցած է, Փէշաւարի մէջ ծառութեան համար արտաքին գործոց նախարարին կողմէ պարգեւատրուած է իր հերոսութեան համար»,-գրած է ան:

Լին Մ. Թրեյսին Ռուսիոյ եւ ԽՍՀՄ նախկին երկիրներու հարցերով փորձագէտ է: 2019-ի Յունուարէն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն է:

2006-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 2009-ի Օգոստոսը Լին Թրէյսը աշխատած է Փաքիստանի Փէշաւար քաղաքի ԱՄՆ հիւպատոսութեան մէջ: 2008-ի Օգոստոս 28-ին անոր ինքնաշարժին վրայ յարձակած է զինուած խումբ մը` կրակած անիւներուն, փայտերով հարուածած են ինքնաշարժին: Թրէյսին թիկնապահի եւ վարորդի օգնութեամբ փախած է եւ վերադարձած իր աշխատանքին, որու համար 2009-ին արժանացած է արտաքին գործոց նախարարին կողմէ «հերոսութեան պարգեւ»-ի:

Ան 2011-2012 թուականներուն աշխատած է որպէս Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրէն: 2012-2014 թուականներուն ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի` Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով տեղակալի առաջին օգնական: 2014-2017 թուականներուն աշխատած է ԱՄՆ-ի փոխդեսպան Մոսկուայի, Աշքապատի եւ Ասթանայի մէջ:

Մինչեւ 2018-ի աւարտը ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեա մէջ եղած է Ռուսիոյ հարցերով աւագ խորհրդական: 2017-ին ստացած է «Պատուոյ մրցանակ» (Distinguished Honor Award) Ռուսիոյ մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքին համար: