Category: Աշխարհ
«Քարերու Պոէզիա. Անի» Ցուցահանդէսը՝ Անգարայի Մէջ
Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Երկրաբանութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, այսօր կը բացուի «Քարերու պոէզիա. Անի» ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով arkeolojikhaber.com-ը։ «Anadolu Kultur» (Անատոլիայի մշակոյթ) կազմակերպութեան կողմէ նախաձեռնուող ցուցահանդէսին կը […]
Հայաստանն ու Վրաստանը Ստորագրեցին 2019-ի Ռազմական Համագործակցութեան Ծրագիրը
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին 2019-ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Փետրուար 21-ին ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրի մամուլի սրահին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ […]
Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահներուն Հետ
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները տարածաշրջանային այցով ժամանած են Երեւան: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` արդէն տեղի ունեցած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ) հանիպումը: «Համանախագահները […]
Մենք Հայերը Ետ Չենք Ուղարկեր Այստեղէն. Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կրկին խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու իրենց երկրին մէջ ապրող հայերուն մասին: Ան ելոյթ ունեցած է Պոլսոյ մէջ իրականացուող Պուտափեշտեան գործընթացի 6-րդ համաժողովին, որուն մասնակցած են […]
Հալէպի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին Վերականգնումէն Ետք Պիտի Բացուի Գարնան
Հալէպի Քառասուն Մանկանց մայր տաճարին մէջ, վերականգնումէն ետք, առաջին պատարագը տեղի պիտի ունենայ Մարտ-Ապրիլին: Եկեղեցին 2015-ին պայթեցուցած էին ԻՊ գրոհայինները: «Աշխատանքներուն ծաւալը վիթխարի էր: Միջանցքը ամբողջութեամբ աւերուած էր, ստիպուած էինք […]
Բողոքի Ցոյց ԱՄՆ-ի Մէջ Ատրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» ուխտին կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ մօտակայ շրջաններու հայութեան ներկայացուցիչներուն, Կիրակի, 17 Փետրուարին, բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։ Այս մասին […]
Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Մեկնարկած են Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
ՌԴ Ս. Փեթերզպուրկ քաղաքին մէջ, Փետրուար 18-ին, մեկնարկած են Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ մեկնարկը տրուած է Ս. Փեթերզպուրկի ազգային գրադարանին մէջ՝ […]
Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Հրաժարական Տուած է
Փետրուար 18-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմը հրաժարական տուած է։ Այս մասին ան յայտնած է խորհրդարանի սրահներներէն մէկուն մէջ պատգամաւորներու հետ հանդիպման ժամանակ, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sozcu-ն։ Մինչ խորհրդարանի […]
Զուիցերիոյ Բարձրագոյն Դատարանը Մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Տեղադրման Դէմ Բողոքը
Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատարանը մերժած է վերջերս Ժընեւի մէջ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի դէմ արտայայտուող Ժընեւի որոշ քաղաքացիներու բողոքը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը տեղեկացնէ զուիցերիական «Սուիսէնֆօ»-ն: Լրատուամիջոցը կը […]
«Մահապարտ» ԱԹՍ-ներ Արտադրող Իսրայէլական Aeronautics-ը 13 Միլիոն Դոլարի Պայմանագիր Կնքած է Ատրպէյճանի Հետ
Արտահանման արտօնագիրներու վերականգնումէն երկու շաբաթ անց իսրայէլական Aeronautics ընկերութիւնը յայտարարած է, որ մրցոյցթով՝ բազմամիլիոնանոց պայմանագիր կնքած է Ատրպէյճանի հետ: Ինչպէս կը յաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով The Jerusalem Post-ը, երկամեայ ժամկէտով պայմանագրի արժէքը 13 […]








