Միացեալ Նահանգներ Որոշած է Սուրիոյ Մէջ «Խաղաղապահ Զօրք» Ձգել

Աշխարհ

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները որոշած են Սուրիոյ մէջ «փոքր խաղաղապահ զօրք» թողուլ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը` Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Սառա Սանտըրսին յղումով:

Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումէն ետք այնտեղ մօտ 200 զինուորականէ բաղկացած խումբ մը պիտի մնայ:

Սանտըրսի խօսքով` այս խումբը Սուրիոյ մէջ պիտի մնայ միայն «որոշ ժամանակ»: Ան նաեւ նշած է, որ ամերիկեան խաղաղապահ ուժերը պիտի մասնակցին երկրին մէջ «անվտանգ գօտի»-ի ստեղծման աշխատանքներուն: