«Քարերու Պոէզիա. Անի» Ցուցահանդէսը՝ Անգարայի Մէջ

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Երկրաբանութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, այսօր կը բացուի «Քարերու պոէզիա. Անի» ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով arkeolojikhaber.com-ը։

«Anadolu Kultur» (Անատոլիայի մշակոյթ) կազմակերպութեան կողմէ նախաձեռնուող ցուցահանդէսին կը ներկայացուին լուսանկարներ պոլսահայ անուանի լուսանկարիչ Արա Գիւլերի արխիւէն եւ ուսումնասիրութեան կեդրոնէն, Աթաթուրքի անուան գրադարանէն եւ Institute for the History of Material Culture of the Russian Academy of Sciences (IHMC RAS)-ի արխիւէն:

Կը նշուի, որ կազմակերպիչները ներկայացուելիք ցուցանմուշներով պիտի փորձեն մարդոց հաղորդակից դարձնել Մետաքսի ճանապարհի հռչակաւոր քաղաքներէն հանդիսացած Անիի շքեղութեան ու պատմութեան:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիս 26:

Նշենք, որ նոյնանուն խորագիրով ցուցահանդէսներ 2018-ին տեղի ունեցած են Պոլսոյ, ապա՝ Երեւանի մէջ, քաղաքաշինութեան կոմիտէի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ուսումնարանին մէջ: