Հայաստանն ու Վրաստանը Ստորագրեցին 2019-ի Ռազմական Համագործակցութեան Ծրագիրը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին 2019-ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Փետրուար 21-ին ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրի մամուլի սրահին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզօրիայի համատեղ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Քննարկեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի Հանրապետութեան երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերը պաշտպանութեան բնագաւառն մէջ: Ստորագրեցինք Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ 2019-ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը, որ կը ստորագրուի 2010 թուականէն ի վեր: Ան այս տարի յագեցած է պաշտպանութեան բնագաւառի նախաձեռնութիւններով` ռազմական կրթութիւն, մարդու իրաւունքներ, ռազմական բժշկութիւն, բարեվարքութիւն, կաշառակերութեան դէմ պայքարի տարատեսակ միջոցառումներ: Հայաստանը եւ Վրաստանը  փոխադարձաբար կ՛ընկալեն եւ կը յարգեն իրարու նախապատւութիւնները ու կը հաւատան ապագային աւելի անվտանգ ու բարեկեցիկ Հարաւային Կովկաս ունենալու գաղափարին»,- ըսած է Տօնոյեան:

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ վրացական կողմը պատրաստ է շարք մը ոլորտներու մէջ իր փորձը կիսելու հայկական զինուած ուժերու հետ:

«Մենք շատ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցանք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին  հետ այն հարցերու շուրջ, թէ ինչպէս խորացնել մեր երկու երկիրներու զինուած ուժերու միջեւ համագործակցութիւնը: Վրացական կողմը պատրաստ է իր փորձը կիսելու հայկական կողմին հետ: Մենք յաջողութեամբ կը կիսենք մեր փորձը ՆԱԹՕ-ի անդամ շարք մը երկիրներու հետ: Ես կը գնահատեմ հայ զինծառայողներու մասնակցութիւնը Վրաստանի մէջ կայացած «Վեհանձն գործընկեր 2018» զօրավարժութեան, որ տեղի ունեցած է ՆԱԹՕ-ի հովանիին տակ»,- ըսած Իգորիան:

Վրաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը Հայաստան  ժամանած է պաշտօնական այցով: