Եւրոխորհրդարանը Ընդունած է Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կասեցնելու Առաջարկը

Աշխարհ

Եւրոխրոհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է եւրոընդելուզման շուրջ Թուրքիոյ հետ ընթացող բանակցութիւնները պաշտօնապէս առկախելու վերաբերեալ առաջարկը։ Առաջարկը եղած էր Եւրոխորհրդարանի` (ԵԽ) Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրիի կողմէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sputnik.com.tr-ը։

Փիրիի առաջարկը դրուած էր քուէարկութեան եւ ընդունուած 40 կողմ ու 7 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ։ 10 հոգի ալ ձեռնպահ մնացած էր։

2019-ի Թուրքիոյ մասին իր կազմած զեկոյցին մէջ, Փիրի Թուրքիոյ մէջ առկայ կառավարման համակարգը անուանած է բացայայտ մենատիրական: Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը վտանգի տակ է, կ՝ոտնահարուին մարդոց իրաւունքները։ Ան յիշեցուցած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած է շուրջ 50 հազար քաղաքացի: Անոնց մէջ կան իրաւապաշտպաններ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ։

«Թուրքիան իբրեւ եւրոանդամակցութեան թեկնածու արդէն անցած է կարմիր գիծերը ու ատիկա պիտի ունենայ քաղաքական հետեւանք»,- շեշտած է եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը:

Քուէարկութենէն ետք՝ Փիրի ուշադրութիւն հրաւիրած է Թուրքիոյ ներքակաղաքական կեանքէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ։ Փիրի յիշատակած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ այժմ թրքական բանտին մէջ գտուող Օսման Քաւալան։ Ան անընդունելի համարած է այն, որ թրքական իշխանութիւնները, առանց մեղադրական եզրակացութեան, բանտի մէջ կը պահեն Քաւալան։

Եւրոխորհրդարանը, իր լիագումար նիստին, Մարտ ամսուն, պիտի անդրադառնայ միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ընդունած առաջարկին: Ի տարբերութիւն Եւրոխորհրդարանի՝ Եւրոմիութեան անդամ որոշ երկիրներ չեն ողջուներ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու առկախման առաջարկը: