Սերժ Թանքեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Նիւ Զելանտային

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան, 26 Փետրուարին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրաւ Նիւ Զելանտայի իշխանութիւններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:

«Նախքան երաժիշտ դառնալը ես գործիչ էի, եւ ինծի համար արուեստի ամենազարմանահրաշ արտայայտչամիջոցներէն մէկը ճշմարտութիւնը պարզելը եւ տարածելն է: Ինծի համար, իբրեւ Միացեալ Նահանգներ բնակող երիտասարդ ամերիկահայ, կարեւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Անիկա իմ զարթօնքը եղած է»,- յայտնեց Թանքեան՝ շեշտելով Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը:

«Կը կարծեմ, որ Ցեղասպանութեան ճամանչումը կարեւոր է եւ յոյս ունիմ, որ Նիւ Զելանտան քաջաբար կը գործէ: Այս մէկը պատմական ճշմարտութիւն է: Աշխարհի մէջ շատեր արդէն իսկ ճանչած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս, օրինակ՝ Վատիկան եւ Գերմանիա»,- աւելցուց  երաժիշտը:

Նշենք, որ Թանքեանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Նիւ Զելանտայի Մաթաքանա քաղաքի «Վիվիըն» ցուցադրասրահին մէջ. անիկա բաց պիտի մնայ մինչեւ 17 Մարտ: