Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցիներէն Եւս Մէկուն Պատերուն Ցեղապաշտական Գրութիւններ Յայտնուած են

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը, Facebook-ի իր պաշտօնական էջին, ահազանգած է Պոլսոյ Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ պատերուն ու դրան վրայ եղած գրութիւններուն մասին, որոնք կը կրեն ատելութեան խօսք եւ ունին ցեղապաշտական բնոյթ:

Հայոց պատրիարքութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ յիշեալ գրութիւնները անգլերէն եւ արաբերէն են։ Թաղային խորհուրդի անդամները, Փետրուար 23-ին, ուշ երեկոյեան, նկատելով այդ գրութիւնները, անմիջապէս տեղեակ պահած են Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեանին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը:

Տեսագրութիւնը եւ նկարները ուղարկուած են ոստիկանութեան տարածքային բաժին։