Թուրքիոյ Խորհրդարանը Նոր Նախագահ Ընտրած է

Աշխարհ

Թուրքիոյ խորհրդարարանը ընտրած է օրէնսդիր մարմնի նոր նախագահ: Խորհրդարանի նախորդ նախագահ Պինալի Եըլտըրըմը, Փետրուար 19-ին, հրաժարական տուած էր:

Վկայակոչելով Diken-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ այժմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 27-րդ գումարման խորհրդարանի նոր նախագահի պաշտօնին համար ընտրուած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) պատգամաւոր Մուսթաֆա Շէնթոփը: