Հայաստանի Ներկայացուցիչները Մրցանակային Տեղեր Գրաւած են Կայծակնային Ճատրակի Աշխարհի Առաջնութեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայ շախմատիստները մրցանակային տեղեր գրաւած են աշխարհի մինչեւ 20 տարեկան պատանիներու կայծակնային ճատրակի առաջնութեան, որ իրականացուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ալ-Ային քաղաքին մէջ։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի շախմատի ֆետերասիոնէն։

Միջազգային վարպետ Ռոպերթ Փիլիպոսեան 13 հնարաւորէն վաստակած է 9.5 միաւոր եւ կիսած 2-4-րդ հորիզոնականները։ Լրացուցիչ ցուցանիշներով Ռոպերթ Փիլիպոսեանը նուաճած է պրոնզէ մետալ։

Միջազգային վարպետ Ալեքս Սահակեան վաստակած է 9 միաւոր եւ զբաղցուցած է 5-րդ մրցանակային հորիզոնականը։

Ալեքս Սահակեանը ներկայիս կը գտնուի զինուորական ծառայութեան մէջ:

Առաջնութեան մասնակցած է նաեւ գրոսմայսթըր Էմին Օհանեանը, որ 8.5 միաւորով յայտնուած է 13-րդ հորիզոնականին վրայ։