Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Առեւտուրը Անցեալ Տարի Մրցանշային Ծաւալ Արձանագրած Է

Աշխարհ, Հայաստան

2018-ին, Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ընդհանուր առեւտրական շրջանառութիւնը կազմած է 364 միլիոն տոլար, որ աննախադէպ ցուցանիշ է 1991-էն ի վեր:

«Իրնա» գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ մեկնաբանելով Հայաստանի հետ առեւտրական ցուցանիշները՝ Հայաստանի մօտ Իրանի առեւտուրի կցորդ Մոհսեն Ռահիմի նշեց, որ նախորդ տարի Իրանէն դէպի Հայաստան արտածումը եղած է 269 միլիոն տոլար, որ բարձր ցուցանիշ է:

Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 27 -ին պիտի մեկնի Իրան: Ասիկա վարչապետ Փաշինեանի առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն:  Հանդիպումներուն օրակարգը պիտի ընդգրկէ երկկողմ հարցերու լայն շրջանակ մը: