ՀՅԴն Դէմ Է «Նոր Սահմանադրութիւն» Նախաձեռնութեան

Հայաստան

 «Մենք երկար տարիներ պայքարած ենք խորհրդարանական համակարգ ունենալու համար. այսօր, հինին վերադարձը լուրջ յետընթաց կ՛ըլլայ», «Թերթ»-ի հետ (լրագրող Ամալիա Առաքելեան) զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան՝ անդրադառնալով արտախորհրդարանական 10 ուժերու կողմէ սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջին:

Յայտնենք, որ արտախորհրդարանական 10 ուժեր համախմբուած են «Նոր սահմանադրութիւն» նախաձեռնութեան շուրջ, որուն նպատակը նոր մայր օրէնքի ընդունումն է:

Սաղաթելեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն այս նախաձեռնութեան դէմ է, որովհետեւ անիկա յետընթաց կ՛ըլլայ: Ըստ անոր՝ ո՛չ անոր հասարակական պահանջը կայ, ո՛չ ալ իմաստը:

Անդրադառնալով այդ ուժերու այն դիտարկման, թէ Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէն բազմաթիւ խախտումներով տեղի ունեցած է՝ ան ըսաւ. «Եթէ այդ ուժերուն Սահմանադրութիւնը փոխելու հիմնաւորումը այն է, որ նախորդ սահմանադրութիւնը ընդունուած է կեղծիքներով, ուրեմն վերջին երեք տարիներուն, այսինքն՝ այս նոր սահմանադրութեամբ տեղի ունեցած բոլոր գործընթացները անօրինական են: Արդեօք այդպէ՞ս է, եւ արդեօք այդ ուժերը այդպէ՞ս կը մտածեն»:

Սաղաթելեան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ի համար կառավարման խորհրդարանական ձեւը Հայաստանի զարգացման լաւագոյն տարբերակն է: «Մենք կը կարծենք, որ կառավարման խորհրդարանական ձեւը լաւագոյն տարբերակն է մեր երկրի զարգացման համար, եւ այս սահմանադրութեան մէջ ժամանակի ընթացքին պէտք է որոշ փոփոխութիւններ իրականացնենք՝ զայն անթերի դարձնելու համար»,- նշեց ան՝ տալով օրինակ մը. սահմանափակել վարչապետին լիազօրութիւնները եւ մեծցնել խորհրդարանի դերակատարութիւնը եւ վերահսկողութիւնը, այսինքն՝ վերցնել սուփըրվարչապետութեան հաստատութիւնը:

«Յոյս ունիմ, որ իշխանութիւնները ուշ կամ կանուխ պիտի հասկնան անոր կարեւորութիւնը, պիտի դրսեւորեն այդ քաղաքական կամքը, պիտի կատարեն այդ փոփոխութիւնները, որովհետեւ անիկա կը բխի բոլորին  շահերէն»,- ըսաւ Սաղաթելեան:

Պատասխանելով հարցումին, թէ ամէն պարագայի, եթէ նոր սահմանադրութիւն ունենալու նախաձեռնութիւնը ընդլայնի, ՀՅԴ-ն ի՞նչ պիտի ընէ՝ ան ըսաւ. «Թոյլ պիտի չտանք, հինին վերադարձ չկայ. Սահմանադրութիւնը խաղալիք չէ, որ տարին անգամ մը ըստ ճաշակի փոխենք»: