Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Քոնկրեսի Մէջ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաքը այս տարի տեղի ունեցաւ 9 Ապրիլին, Ծերակոյտի «Հարթ» շէնքին մէջ, իբրեւ կիզակէտ ունենալով Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին […]

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՝ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Իտալիոյ Խորհրդարանին Որդեգրած Որոշումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը, երէկ, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիին յղեց նամակ մը` ողջունելով Ապրիլ 10-ին Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը, որ Իտալիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր ճանչնալու […]

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Հանդիպին Ապրիլ 15-ին

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի անոր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարով պիտի հանդիպին Ապրիլ 15-ին, Մոսկուայի մէջ։ Այս մասին, Ապրիլ 11-ին, յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ […]

Լիբանանեան-Հայաստանեան Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դեսպան Աթաբէկեանին

Լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ երեսփոխան Սելիմ Աուն, 11 Ապրիլին այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւ Մը Ծերակոյտին Ներկայացուեցաւ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամ Պապ Մենենտեզ եւ նախագահութեան հանրապետական նախկին թեկնածու Թետ Քրուզ 9 Ապրիլին, Ծերակոյտին ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան […]

Նիկոլ Փաշինեան ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ընդգծեց ԼՂ Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանակցային Գործընթացին Մէջ Արցախի Վերադարձին Կարեւորութիւնը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին ընթացքին, ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւններու սեղան Արցախի վերադարձին կարեւորութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ի` Փաշինեան նշեց, որ չի կրնար խնդիրը […]

Հնագէտները Կ՝ահազանգեն Շինարարութեան Հետեւանքով Տիարպեքիրի Պատմական Պարիսպներուն Վնաս Հասցնելուն

Այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի պարիսպները, որոնք կը գտնուին UNESCO-ի Համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան ցուցակին վրայ, կը վնասուին պարիսպներու մօտակայքը կառուցուող «Ազգային այգի» կոչուող զբօսայգիի շինարարական աշխատանքներուն հետեւանքով: Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, […]

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոշտ Արձագանգած է Էմանուէլ Մաքրոնի Հրամանագիրին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կոշտ արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան ազգային յիշատակի օր ճանչնալու մասին հրամանագիրին: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Չաւուշօղլուն […]

Այս Քայլով Իտալական Կողմը Վերահաստատեց Իր Հաւատարմութիւնը Համամարդկային Արժէքներուն․ Իտալիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպան

 «Կ՛ողջունենք Ապրիլ 10-ին Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատին կողմէ 382 կողմ, 43 ձեռնպահ, 0 դէմ ձայներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախաձեռնութեան ընդունումը»,- յայտարարած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը` ելոյթ ունենալով […]

Մաքրոն Ստորագրեց Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր Հռչակելու Մասին Համաձայնագիրը

Ֆրանսայի նախագահը կատարեց Փետրուարին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տուած իր խոստումը: Ապրիլ 10-ին էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր ստորագրեց եւ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր, կը հաղորդէ “Երկիրմետիա”-ն Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան […]