Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Իտալիոյ Խորհրդարանին Կոչը Ուղղուած Կառավարութեան` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Անդրադառնալով Իտալիոյ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ առնուած որոշումին` ուղղուած Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Խորհրդարանի այս իմաստուն ու քաջ քայլը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «այս վճռական քայլը արդարութեան յաղթանակն է ցեղասպանին կողմէ կատարուող այն բոլոր ապատեղեկատուական ու ժխտողական քայլերուն դէմ, որոնց նպատակը պատմութեան փոշիներուն տակ ծածկել է Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ»: Շարունակելով իր յայտարարութիւնը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «մարդկային իրաւունքները պէտք չէ զոհ դառնան այսպէս կոչուած աշխարհաքաղաքական շահերու. առաջինը մնայուն է, երկրորդը` գնայուն: Ազգերու զարգացման ու հզօրացման առանցքը մարդկային իրաւունքներն ու արժէքներն են եւ ոչ թէ ժամանակաւոր շահերն ու շահադիտական մօտեցումները: Մեր սպասումն է, որ արդարութիւնը պաշտպանող նման քայլերու հետեւին նաեւ այլ պետութիւններ»:

Յայտնենք, որ 2000 թուականին Իտալիոյ խորհրդարանը արդէն իսկ ճանչցած էր հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Ներկայ քայլով ան ո՛չ միայն կը վերահաստատէ իր որոշումը, այլ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Իտալիոյ կառավարութեան նոյնը կատարելու: