Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Մտահոգուած է Ապրիլ 24-ի Մասին Մաքրոնի Հրամանագիրով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Հուլուսի Աքարի եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց մը: Վկայակոչելով Karar-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ հեռախօսազրոյցին ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի, ռազմական ոլորտին մէջ թուրք-ֆրանսական համագործակցութեան հարցերը: Կողմերը խօսած են նաեւ Մաքրոնի հրամանագիրին մասին, ըստ որուն, Ապրիլ 24-ը, Ֆրանսայի մէջ, ճանչցուած էր իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր։

Աքարը ֆրանսացի իր գործընկերոջ փոխանցած է այդ հրամանագիրի ստորագրութեան վերաբերեալ թրքական կողմին ունեցած մտահոգութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Մաքրոն, դեռ իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին, խոստացած էր Ապրիլ 24-ը հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր: