«Կամար»-ի Երկեակ Աստղերը` Կամիլա Եւ Արմինէ, Շողշողեցին Լիբանանի Երաժշտասէր Հանրութեան Ներաշխարհը

Սփիւռք

Լիբանանահայ եւ ոչ հայ երաժշտասէր հանրութիւնը 9 Ապրիլի երեկոյ ապրեցաւ երաժշտական անկրկնելի պահեր: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ հովանաւորութեամբ անոր նախագահին` Պասսամ Սապայի, դաշնամուրային անմոռանալի համերգ մը տեղի ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ:

«Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան հմայեցին երաժշտասէր ունկնդիրները` զանոնք փոխադրելով դասական երաժշտութեան տիտաններէն` Պախի, Ֆրանսիս Փուլենքի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ այլոց աշխարհը, ուր տիրական գերիշխողը երաժշտութիւնն է: Մերթ ընդ մերթ ծափողջոյններով ընդմիջուելով` անոնք ներկայացուցին բարձրորակ զուգանուագ: Անոնց ելոյթը մեծապէս խանդավառեց ներկաները, որոնց կրկնուող ծափահարութիւններու տարափին ընդառաջելով, անոնք կրկին անգամ նուագեցին` դարձեալ հմայելով արուեստասէրները: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր դասական երաժշտութեան ականաւոր դէմքերու գործերը, ինչպէս` Պախի քոնչերթոն, Փուլենքի սոնաթը, Մ. Աշճեանի յատուկ «Կամար»-ի համար յօրինուած` «Ներշնչում»-ը («Ինսփիրէյշըն») եւ «Առաջին տեսողութեամբ»-ը («Էթ ֆըրսթ սայթ»), ինչպէս նաեւ` Տ. Կուլկասեանէն «Ռահպէ թանկօ»-ն եւ Ալեքսանդր Յարութիւնեան-Առնօ Բաբաջանեանէն «Հայկական ռափսոտի»-ն:

2015-ին իրագործելով իրենց տարիներու երազը` տաղանդաւոր դաշնակահարներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան հիմը դրին դաշնամուրային «Կամար» երկեակին, որ պիտի գար ցոլացնելու այս զոյգ դաշնակահարներու մատներու պարային ղօղանջումի մեղեդին: Երկուքն ալ կու գան հայրենի երաժշտասէր հմուտ արուեստագէտներու ընտանեկան մթնոլորտէն, որ զանոնք փոքր տարիքէն արդէն թրծած էր երաժշտական ընտիր աւիշով: