Հալէպի Կարգ Մը Շրջաններ Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձան

Աշխարհ

Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Հալէպի ոստիկանութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Հալէպի հիւսիսային արուարձանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ իրարայաջորդ հրթիռակոծումներով թիրախ դարձուցին քաղաքի կարգ մը շրջանները, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ աւելի քան 11 քաղաքացի, վիրաւորուեցաւ՝11, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծեցին յատկապէս Հալէպի Նիլ եւ Խալտիէ շրջանները։

Յիշենք, որ Հալէպի հիւսիսային արուաձանին մէջ կայք հաստատած են զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք Թուրքիոյ զօրակցութիւնը կը վայելեն եւ յաճախ հրթիռակոծման կ՚ենթարկեն Հալէպ քաղաքն ու յարակից գիւղերը։