Սպանիոյ Պուրկոս Քաղաքը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Պուրկոսը դարձաւ Սպանիոյ 34-րդ քաղաքը, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պուրգոսի քաղաքային խորհուրդը միաձայն ընդունեց «Արարատ» հայկական միութեան «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին» միջնորդագիրը, որ նիստին ներկայացուցած էր միութեան անդամ Վահէ Պապեան:

Միջնորդագիրին հիման վրայ աւագանիի 4 կուսակցութիւնները (Ժողովրդական, Սոցիալիստական, Իմախինա Պուրկոս եւ Քաղաքացիական) հրապարակած են համատեղ օրինական յայտարարագիր, որով կը դատապարտեն ցեղասպանութիւնը իրականացնողները եւ կը յորդորեն Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին SHANTNEWS-ին յայտնած է «Արարատ» միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 34 քաղաքներէն 7-ը, որոնց մէջ` Պուրկոսը, շրջանի կեդրոններ են, իսկ երկուքը` Վալենսիան ու Մերիտան, մարզային կեդրոններ:

Սպանիոյ 5 մարզեր` Պասկերու երկիրը, Քաթալոնիան, Պալէարները, Նաւառան եւ Արակոնը, արդէն ճանցած են ցեղասպանութիւնը եւ յորդորած կեդրոնական իշխանութեան հետեւիլ իրենց քայլին: