«Դուք Կ՛ընդունի՞ք, որ 1915-ի Կատարուածը Ցեղասպանութիւն Էր». Ամերիկացի Ծերակուտականը՝ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածուին (տեսանիւթ)

Աշխարհ

Ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտես ԱՄՆ Ծերակոյտի միջազգային հարցերով յանձնաժողովին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածու Դէյվիտ Մայքլ Սաթերֆըլտի հետ հարցուպատասխանի ժամանակ:

Մենենտես իր խօսքի սկիզբը յայտարարած է, որ հիասթափուած է Սաթըրֆիլտի` իր հետ հանդիպումը չեղարկելու որոշումէն, ուստի` որոշած է առիթէն օգտուելով իրեն յուզող հարցերը նիստի ժամանակ տալ:

– Թոյլ տուէք ինծի սկսիլ հետեւեալ հարցումէն` Դուք կ՛ընդունի՞ք, որ 1915-1922 թուականներու ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սպաննուած է մօտ 1,5 միլիոն հայ տղամարդ, կին եւ երեխայ,-սկսած է Մենենտես:

– Մենք վստահ տեղեակ ենք այդ դաժանութեան փաստի մասին,-ըսած է թեկնածուն:

– Ես ճի՞շդ կը հասկնամ, որ Դուք ատիկա կ՛ընդունիք,- փորձած է յստակեցնել Մենենտես, որուն Սաթըրֆիլտ դրական պատասխան տուած է:

– Դուք կ՛ընդունի՞էք, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր,-շարունակած է Մենենտես:

– Պարո՛ն սենաթոր, նախագահը յայտարարած է, որ ատիկա 20-րդ դարու ամենասարսափելի դաժանութիւններէն էր, եւ ես համակարծիք եմ այդ յայտարարութեան հետ,- պատասխանած է Սաթըրֆիլտ:

– Անկասկած, ատիկա դաժանութիւն էր, սակայն հարցը այն է` արդեօ՞ք այն ցեղասպանութիւն էր,- կրկին հարց յղած է ծերակուտականը:

– Յիշեալ յայտարարութիւնը կ՛արտայայտէ ԱՄՆ կառավարութեան դիրքորոշումը»,-հակիրճ ըսած է թեկնածուն:

– Լաւ, չէք ըսեր, որ ատիկա ցեղասպանութիւն էր: Թոյլ տուէք հարցնել` Դուք կ՛ընդունի՞ք, որ 1915-ի Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դաշնակից ուժերը առաջին անգամ միասնաբար մեղադրեցին այդ կառավարութիւնը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցանք գործելու համար»,- հետաքրքրուած է Մենենտես:

Ատոր ի պատասխան Սաթըրֆիլտ նկատել տուած է, որ ինք պատմաբան է ու տեղեակ է այն ժամանակուան իրադարձութիւններէն:

Այնուհետեւ ծերակուականը անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուի այն յայտարարութեան, որ հայերը տեղահան ընելու վերաբերեալ թրքական իշխանութիւններուն հրահանգը մահուան վճիռ էր ամբողջ ազգի մը համար, եւ որ իշխանութիւնները Մորկենթաուի հետ զրոյցի ժամանակ նոյնիսկ չեն փորձած թաքցնել այդ իրողութիւնը:

– Ես տեղեակ եմ այդ յայտարարութեան մասին»,- ըսած է Սաթըրֆիլտ` յստակ չպատասխանելով` արդեօք կ՛ընդունի այդ յայտարարութիւնը, թէ ոչ:

– Ուրեմն, այս ամէնը նման է խորամանկ պարի, որ մենք կը պարենք որպէս ազգ` չճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Նոյնիսկ միջկառավարական հաստատութիւն հանդիսացող Հոլոքոսթի ամերիկեան թանգարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, մինչդեռ մենք չենք կրնար ընդունել զայն: Սակայն եթէ մենք չճանչնանք անցեալը որպէս իրողութիւն, չենք կրնար առաջ շարժիլ»,-եզրափակած է Մենենտես:

Ընդհանուր առմամբ նիստի ժամանակ հարցուպատասխան եղած է Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Իռլանտայի եւ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպաններու թեկնածուներուն հետ:

Տեսանիւթը կրնաք դիտել այստեղ: