Հայաստանը Պիտի Դառնայ Հայու Ապրելու Լաւագոյն Տեղը․ Փաշինեան

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ «մեզի համար չափազանց կարեւոր է, որ Հայաստանը դառնայ իւրաքանչիւր հայու համար ապրելու լաւագոյն տեղը»:

«Մենք ասիկա կը պատկերացնենք հետեւեալ կերպով` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իսկապէս հնարաւորութիւններու երկիր դարձնել, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք կարենայ իր ընդունակութիւնները, իր տաղանդը, իր հմտութիւնները իրացնել, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք աշխատելու, վաստակելու եւ իր աշխատանքէն հաճոյք ստանալու հնարաւորութիւն ունենայ»,- ըսած է վարչապետը Սթրազպուրկի եւ մօտակայ բնակավայրերու հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ:

 Անոր խօսքով` քաղաքացիին համար ամենակարեւորը ինքնազգացողութիւնն է, իր կարգավիճակի մասին պատկերացումը սեփական երկրին մէջ:

«Իսկ այն, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին բարձրագոյն իշխանութիւն է եւ տէր Հայաստանի Հանրապետութեան, կը կարծեմ, ոչ ոք կը կասկածի»,- աւելցուցած է Փաշինեանը: