Ապրիլ 15-ին Կը Մեկնարկէ Ազգային Գրադարանային Շաբաթը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը Ապրիլ 15-22 Հայաստանի մէջ կը կազմակերպեն Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ այս տարի նուիրուած է Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150ամեակներուն:

Ընկերակցութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Գրադարանային շաբաթին իրենց ծրագիրներով պիտի մասնակցին մարզային, համայնքային, մասնագիտական, համալսարականակն գրադարանները:

 Շաբաթուան ընթացքին գրադարաններու մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ, գիրքերու քննարկումներ եւ շնորհանդէսներ, բանաստսեղծութեան ժամեր, ցուցահանդէսներ: