Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Պէտք է Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Քննարկենք. Կարօ Փայլան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ քայլերուն մասին, Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է հանել Իտալիոյ, Ֆրանսայի ու ԱՄՆ-ի խորհրդարաններէն եւ պէտք է զայն արծարծման նիւթ դարձնել այն երկրին մէջ, ուր որ տեղի ունեցած է այդ մեծ յանցանքը, այսինքն, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ»։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Ապրիլ 10-ին, հրաման ստորագրած է Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելու մասին։

Իսկ աւելի առաջ, Իտալիոյ  խորհրդարանը սկսած է նախաձեռնութիւն մը, որ կոչ կ՝ընէ երկրի կառավարութեան՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հարցին միջազգային հնչեղութիւն տալու։