Category: Աշխարհ
«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Փառատօնը Հմայեց Բոլորը
Շաբաթ, 13 Յուլիսին, Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին բացումը կատարուեցաւ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնին: Ըստ «Ազդակ»-ի՝ բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, […]
Հալէպի Մէջ Զոհեր եւ Վիրաւորներ
Յուլիս 14-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Հալէպի «Հալապ Ըճտիտէ» եւ «Մնիէն» շրջանները։ Զոհուած են վեց, վիրաւորուած՝ ութը քաղաքայիններ։ Այս մաին կը յայտնէ Սանա լրատու գործակալութիւնը։ Աղբիւրին համաձայն, միջօրէին […]
Տիաննա Աբգարի Ծոռնուհին Կը Ժամանէ Հայաստան
Յուլիս 15:00-ին, ժամը 19:00-ին , Հայ կանանց միջազգային միութեան (AIWA) նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ աշխարհի մէջ առաջին կին դիւանագէտ, 1919-1920 թուականներուն Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպան, գրող հրապակախօս Տիաննա Աբգարի ծննդեան 160 ամեակին […]
Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանը Յայտնեց, Որ Պետութիւնը չի Կրնար Արգելք Ըլլալ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան
Վերջերս յայտնի դարձած էր, որ ԹուրքիոյՍահմանադրական Ատեանը կրօնական ազատութեան դէմ բռնաբարում եւ հայոց իրաւունքներուն դէմ խախտում նկատած էրՀայոց Պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ գործադրուած արգելքը։ Այս կերպով Սահմանադրական Ատեանըբացէ ի բաց դիրք գրաւած էր պետութեան դէմ։ Այս որոշումը այժմհրատարակուեցաւ Պաշտօնաթերթի մէջ եւ այս կերպով պաշտօնապէսի զօրու դարձած եղաւ շատ կարեւոր վճիռ մը, որ նոր լոյս կը բռնէ պատրիարքական ընտրութեան փշոտ հարցին վրայ։ Սահմանադրական Ատեանը իր որոշումը ու որոշումին պատճառաբանութիւնը հրապարակեց մանրամասնեալ կերպով։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՄԱՐՄԱՐԱ»–ն։ Յայտնի կը դառնայ որ Սահմանադրական Ատեանը այս հարցը քննարկած է երբեմնի Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն Լեւոն Գուզիկօղլուի ու Կարպիս Պալմումճուի ստորագրութիւններով կատարուած դիմումին վրայ։ Սահմանադրական Ատեանը […]
Փարիզ, Սինկափուր, Լոնտոն. Հայաստանը Ցուցահանդէսներու Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Զբօսաշրջային Հնարաւորութիւնները
Հայաստանը այս տարի միջազգային երեք խոշոր զբօսաշրջային ցուցահանդէսու մէջ պիտի ներկայացնէ մեր երկրի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները, զբօսաշրջական փաթեթներն ու զարգացման ուղղութիւնները: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի զբօսաշրջային արդիւնքի զարգացման […]
Տհուր Շուէրի Մէջ Հայկական Երեկոյ
Հայեր միշտ ալ նախասիրութիւն ունեցած են ամառնային հանգիստը անցընել Տհուր Շուէրի, Մրուժի եւ Պոլոնիայի մէջ: Այս առումով ալ Տհուր Շուէրի քաղաքապետարանը առաջարկած է, որ իր հրապարակին վրայ հայ մշակոյթի օր […]
Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Ստեփանակերտի Օդակայանին Ապահովութիւնը Երաշխաւարող Շըրմընի Առաջարկը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 11 Յուլիսի յետմիջօրէին, 234 թեր եւ 195 դէմ քուէներով վաւերացուց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի […]
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Տպաւորուած է Հայաստանով
Ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խուրհուրդի նախագահը Հայաստան այցէն ետք ֆէյսպուքի մէջ գրած է իր տպաւորութիւններուն մասին՝ եւ փոխած իր էջի գլխաւոր նկարը` Նորատուսի խաչքարերու համալիրի լուսանկարով։ Տոնալտ Թուսք նշած է, որ […]
Ազգային եւ Պետական Պատուիրակութիւններու Պաշտօնական Այցելութիւնը ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Հալէպի Կեդրոն
Կազմակերպութեամբ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան, Չորեքշաբթի, 10 Յուլիս 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Արք. Զօպուեան եւ Հալէպի առողջապահական եւ հասարակական հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու Շեյխ Մուհամմէտ Ատիպ […]
Ամենամեծ Կանխամտածուած Սպանութեան Գործողութիւններէն Մէկը 20-րդ Դարուն. Իսրայէլի Դեսպանը` Ցեղասպանութեան Մասին
Հայաստանի մէջ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան էլիաւ Պելոցերքովսքին 1915-ին Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութիւնը կը համարէ 20-րդ դարու պատմութեան ամենամեծ կանխամտածուած սպանութեան գործողութիւններէն մէկը: Այս մասին ան ըսած է Երեւանի մէջ Իսրայէլի անկախութեան 71-րդ տարեդարձի առիթով […]










