Հայաստան Կը Մասնակցի Ուաշինկթընի Կրօնական Ազատութիւններուն Նուիրուած Համաժողովին

Աշխարհ, Հայաստան

Ուաշինկթընի մէջ շուրջ հարիւր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ՝ կրօնական հետապնդումներ եւ յարձակումներ վերապրածներու հետ միասին, կը մասնակցին Կրօնական ազատութիւններուն նուիրուած համաժողովին: Մասնակիցներուն շարքին է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը` Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը հանդէս պիտի գայ ելոյթով:

Յուլիս 17-ին Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքերի հետ։ Անոնք քննարկած են ԱՄՆ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու` մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան հետ կապուած հարցեր:

ԱՄՆ ԱԳ նախարար Մայք Փոմփէօ եւ կրօնական ազատութիւններու հարցերով ԱՄՆ դեսպան Սեմ Պրաունպէք ընդգծած են, որ Ուաշինկթընի կրօնական ազատութիւններու վերաբերեալ համաժողովի հիմնական նպատակն է համախմբել տարբեր դաւանանքի գործիչներ՝ ընդդէմ կրօնական հետապնդումներու եւ յարձակումներու:

«Աշխարհի մէջ բոլոր մարդիկ պէտք է ազատ դաւանեն իրենց նախընտրած հաւատքը` իրենց տան, սրբատեղիներուն, հանրային վայրերու մէջ»,- նշած է Փոմփէօ։

Կրօնական հետապնդումներ եւ յարձակումներ վերապրածները հանդէս եկան վկայութիւններով: Եզիտի իրաւապաշտպան Նատիա Մուրատ, որ ՏԱՀԵՇ ծայրայեղական խմբաւորման կողմէ գերի առնուած էր հիւսիսային Իրաքի մէջ:

«Պատմութիւնն ու հետազօտութիւնները մեզ կը սորվեցնեն, որ ժամանակ առ ժամանակ տեղի կ՛ունենան ցեղասպան գործողութիւններ»,- յայտարարած է Մուրատ:

Սրի Լանքայի մէջ Սուրբ Զատիկի տօներու օրերուն քրիստոնէական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումէն վերապրած Եամինի Ռաւիտրա կը նշէ, որ յարձակումէն ետք իրենց քրիստոնեայ համայնքը կ՛ապրի վախի մթնոլորտի մէջ: Մէկ այլ վերապրած Ֆարիտ Ահմետ, որուն կինը զոհուած է Նոր Զելանտիայի մէջ մզկիթի վրայ յարձակման ժամանակ նշած է , որ իր կրօնը իրեն սորվեցուցած է ներել մարդասպանները:

Կրօնական հողի վրայ յարձակումներ վերապրածները կ՛ընդգծեն` ողբերգութիւնը միաւորած է զիրենք ընդդէմ ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան: