ՀՕՄ-ի Ամառնային Դասընթացք Նիւ Եորքի Մէջ

Սփիւռք

Յուլիս 10-ի թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ամառնային դասընթացքի համար Նիւ Եորք ժամանած են Անուշ Գույումչեան եւ Ալեք Մեսրոպեան, որոնց պիտի միանանն Ազնիւ Խալիկեանն ու Արեւ Էպրիմեանը, յառաջիկայ շաբաթներուն։

Այս չորս երիտասարդները պիտի գործեն ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, զանազան ենթայանձնախումբերու նիստերուն մասնակցելով։

Անուշ Գույումճեան կ՛ուսանի Ֆորտհամ համալսարանի գիտական-առողջապահական ճիւղէն ներս, իսկ Ալեք Մեսրոպեան Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանի համաշխարհային ուսումնասիրութիւններուն մէջ մասնագիտացած է, յատկապէս կեդրոնանալով Ասիոյ ցամաքամասին վրայ։ Ան նաեւ կ՛ուսանի ճափոներէն։ Ազնիւ Խալիկեանի մասնագիտութիւնն է բժշկութիւն եւ երաժշտութիւն՝ Քարթաժ համալսարանէն ներս։ Արեւ Էպրիմեան Սէյնթ Ճոն համալսարանին մէջ կ՛ուսանի առեւտրական բնագաւառէն ներս։

Մեսրոպեան եւ Գույումճեան արդէն իսկ սկսած են գործել ՄԱԿ-ի զանազան ենթաժանումներու յանձնախումբերէն ներս, որոնք կ՛արծարծեն զանազան հարցեր։

Ազնիւ Խալիկեան եւ Արեւ Էպրիմեան

“ՀՕՄ-ը մեծ ուրախութեամբ կը դիմաւորէ այս երիտասարդ ուժերը, որոնք այս տարի պիտի գործեն մեր հետ” ըսաւ ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Քրիստինա Մեհրանպոտ։

Գույումճեան իր կարգին յայտնեց․ “Հպարտ եմ, յատկապէս ՀՕՄ-ին համար գործելու եւ իբրեւ հայ օտարներուն ներկայացնելու զանազան հարցեր։ Իբրեւ երիտասարդ ամէն ճիգ պիտի թափեմ առաւելագոյնս փոխանցելու եւ կատարելու”։

Մեսրոպեան իր կարգին տեղեկացուց․  “ՄԱԿ-ի գրասենեակներուն մէջ գործելով երազ մըն է, որ կ՛իրականացնեմ։ Այս գծով երախտապարտ եմ ՀՕՄ-ին, որ ընծայեց այս առիթը։ Իբրեւ երիտասարդ, գործ ունինք կատարելիք”։