Նոր Պատրիարքի Ընտրութեան Գործընթացը Նախաձեռնող Մարմին Ընտրուեցաւ

Սփիւռք

Յու­լի­ս 17-ին Պոլսոյ պատ­րիար­քա­րանի մէջ գու­մա­րուած ժո­ղովով մը կազ­մո­ւեցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընտրու­թեան Նա­խաձեռ­նող մար­մի­նը։ Նիս­տին ներ­կայ գտնո­ւած են կրօ­նական ժո­ղովի ան­դամնե­րուն առըն­թեր հա­մայնքա­յին եւ թա­ղային մար­միննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­ր, կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։

Նիս­տը նա­խագա­հած է Պատրիարքական Տեղապահ Սահակ Արք. Մաշալեան։ Ներ­կա­ներու առա­ջար­կով կազ­մո­ւած թեկ­նա­ծու­նե­րու անո­ւանա­ցան­կին վրա­յէն գաղտնի քո­ւէար­կութեամբ եւ քո­ւէնե­րու առա­ւելու­թեամբ Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի ան­դամներ ընտրո­ւած են՝ Սար­վէն Սէրթշիմ­շէք, Սա­րօ Պէնկլեան, Սար­գիս Չա­վու­շեան, Խոս­րով Քէօլէ­դաւի­թօղ­լու, Մի­նաս Աս­լան, Արէտ Քօ­րեան, Թա­մար Քա­րասու, Նա­զարէթ Էօզ­սա­հակեան, Լե­նա Ենիեօր­կան, Գրի­գոր Տէօշէ­մէճեան, Սեդ­րակ Տա­վութհան, Սե­լինա Տօ­ղան, Սե­ւան Սվա­ճըօղ­լու, Կար­պիս Տու­րասլան, Վա­լիա Հէ­ճինօղ­լու։ Իսկ պա­հես­տի ան­դամներ մնա­ցին՝ Ղու­կաս Ար­զուման, Կար­պիս Պալ­մումճու եւ Գէորգ Էր­քան։ Այս կազ­մին վրայ աւել­ցաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի կող­մէ ներ­կա­յացո­ւած Տ. Կո­րիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան եւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։

Այս Նախաձեռնող մարմինը պատասխանատու պիտի ըլլայ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կազմակերպելու համար: