Միջեկեղեցական Պատմական Արարողութիւն՝ Ի Զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն

Աշխարհ, Սփիւռք

Երկուշաբթի, Յուլիս 15-ին, նախաձեռնութեամբ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ պատմական միջեկեղեցական արարողութիւն մը՝ ի զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք շարունակ հալածանքներու եւ նեղութեանց կ՛ենթարկուին Միջին Արեւելքի մէջ։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Միացեալ Նահանագներու մօտ պապական նուիրակ Քրիսթոֆ արք. Փիեռ, Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Ճոզէֆ արք. Զահլաուի, Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոս, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի առաջնորդ Իլիաս եպս. Զէյտան, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Կրեկորի եպս. Մանսուր, պատուելի Տեն Քամինզ եւ այլ հոգեւորականներ մասնակցեցան արարողութեան։

Նախքան արարողութիւնը, Քոնկրեսի անդամներ եւ պաշտօնական դեմքեր հանդէս եկան զօրակցութեան խօսքերով։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց աւելի խիստ պատժամիջոցներ սահմանելու անմեղ մարդոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեանց եւ բոլոր վայրագութեանց։

0718Tanelian

Անուշաւան արք. Դանիէլեան Ներկայացուցիչներու տան բացման աղօթքը կ՛արտասանէ

Արարողութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազանները, իրենց կարգին, աղօթքներ արտասանեցին. շարականներ երգուեցան Միջին Արեւելքի նախնադարեան լեզուներով։

Աւարտին, ներկաները ուղեւորուեցան Քոնկրեսի վերնայարկը (Rotunda), ուր նաեւ տարբեր լեզուներով շարականներ երգուեցան։ Իսկ առաջնորդ սրբազաններուն եւ իրենց ընկերակցող եկեղեցականներուն կողմէ Քոնկրեսի յարկին տակ առաջին անգամն ըլլալով հնչեց «Տէր Ողորմեա»ն։

Նշենք, որ հայկական արմատներ ունեցող քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի հրաւէրով, առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան Ներկայացուցիչներու տան նիստին բացման աղօթքը արտասանեց իբրեւ հիւր հոգեւորական: