Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Ուաշինկթընի Մէջ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» Կատարուած Աշխատանքը

Աշխարհ, Սփիւռք

Երէկ առաւօտ «Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն» խմբաւորումի ատենապետ Թուֆիք Պաաքլինիին ուղղած խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը ողջունեց յիշեալ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները` ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան:

Յայտնենք, որ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2019-ին, նոյն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի հանդիպում մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:

Նոյն օրը երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպութեամբ միօրեայ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խղճի ազատութեան առնչուած:

Վեհափառ հայրապետը անձնապէս հրաւիրուած էր մասնակցելու յիշեալ երկու հաւաքներուն:

Նշենք, որ «Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն» խումբին նախագահը, շուրջ երկու ամիսներ առաջ, այցելած էր Անթիլիասի մայրավանք եւ խորհրդակցութիւն ունեցած էր վեհափառին հետ յիշեալ հաւաքներուն գծով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը կը շարունակէ բերել խմբաւորումի աշխատանքներուն: