Մամետեարով Վրացի, Ատրպէյճանցի Եւ Թուրք Խորհրդարանականներու Հետ Քննեց Արցախի Հարցը

Աշխարհ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Յուլիս 16-ին, Պաքուի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու ղեկավարներուն այցելութիւնը եւ անոնց հետ քննարկեց Արցախի հակամարտութիւնը:

Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ Մամետեարով պնդեց, թէ «ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման պարագային, հայ ժողովուրդը կրնայ օգուտ քաղել տարածաշրջանին մէջ իրականացուող մեծ նախագիծերէն»:

Ատրպէյճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ թուրք եւ վրացի խորհրդարանականները կարեւոր համարեցին տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորումը՝ պնդելով, որ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին միջազգային իրաւունքի սկզբունքներով, մասնաւորապէս շեշտելով՝ «միջազգային ճանչցուած սահմաններու եւ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը» պահպանելու կարեւորութիւնը: