Ջիւան Աւետիսեանի «Վերածնուածը» Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Հայաստանի Մէջ
Շարժանկարի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերածնուածը» (Revival) խաղարկային ֆիլմը Լոս Անճելըսի մէջ յաջող ցուցադրութիւններէն ետք «պիտի գայ» Հայաստան։
2027 թուականի Մարտ 4-ին ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Հայաստանի բոլոր շարժանկար-թատրոններուն մէջ։
Հայաստանեան ցուցադրութեան ներկայ պիտի ըլլան ֆիլմի միջազգային հերոսները՝ հոլիւուտեան յայտնի դերասան Արմանտ Ասանթէն, գերմանացի դերասան Հայնօ Ֆերխը, ռումանացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Մայա Մորկենշթէրնը, ինչպէս նաեւ ֆիլմի դերասանական եւ ստեղծագործական կազմի այլ անդամներ ու յատուկ հիւրեր։
Նոյեմբեր 9-ին «Վերածնուածը» ցուցադրուած է Լոս Անճելըսի Alex Theatr»-ին մէջ` համախմբելով բազմաթիւ հանդիսատեսներ, շարժանկարի եւ արուեստի ներկայացուցիչներ։ Warner Bros. Studios.-ի Steven J. Ross շարժանկար-թատրոնին մէջ Հոկտեմբեր 3-ին կայացած հանդիսաւոր առաջնախաղէն ետք՝ ատիկա ֆիլմի հերթական կարեւոր հանդիպումը եղած է ամերիկեան հանդիսատեսի հետ։ Երկու ցուցադրութիւններն ալ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են ֆիլմին նկատմամբ՝ ամրապնդելով անոր միջազգային ներկայութիւնը։ «Վերածնուածը» Ջիւան Աւետիսեանի չորրորդ ֆիլմն է՝ Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Լիթվիայի հետ համատեղ արտադրութեամբ։ Գիտաերեւակայական դրաման՝ ստեղծուած նորագույն ճարտարագիտութիւններու կիրառմամբ, կ՝անդրադառնայ 2020 թուականի պատերազմի իրադարձութիւններուն, մարդկային յիշողութեան, արհեստական բանականութեան եւ մարդկային հոգիի վերածնունդին։
