Մասնակցութիւն Հայաստանի Վարժարաններու «Առողջ Ապրելակերպ» Դասագիրքի Արդիականացման Ծրագիրին

Սփիւռք

Հայ կանանց միջազգային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի հանրային վարժարաններուն մէջ արդէն իսկ սկսած է գործածուելու «Առողջ Ապրելակերպ» դասագիրքը, որուն գիտելիքները միջազգային մակարդակներու հասցնելու ջանքերուն գործնական մասնակցութիւնը բերած էր մասնաճիւղը։

Արդարեւ, Սեպտեմբեր 2015-էն ի վեր, մասնաճիւղը այս նպատակով մօտէն կը գործակցի Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի հիւանդանոցին հետ՝ ամէնէն արդիական տեղեկութիւնները պարունակող դասագիրք մը երաշխաւորելու համար Հայաստանի աշակերտներուն։

Հայ կանանց միջազգային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել aiwasanfrancisco@gmail.com հասցէին կամ այցելել՝ www.aiwasanfrancisco.com կայքը։ Մասնաճիւղին հասցէն է՝ 15559 Union Ave. #227, Los Gatos, CA 95032։