Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Պատանիները Յորդորած է Սուրբ Գիրքի Պատգամները Կենսագործել Առօրեայ Կեանքի Մէջ
Նոյեմբեր 18-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանիին ներքոյ գործող Հայորդեաց տուներուն հետ համատեղ «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնին մէջ կազմակերպեց «Աստուածաշունչի գիտելիքի վիկտորինա (մրցոյթ)» ծրագիրին եզրափակիչ փուլը։
Մրցոյթին նպատակն է խաղերու եւ հարցուպատասխանի միջոցով սաները ծանօթացնել Սուրբ Գիրքին եւ խորացնել անոնց աստուածաշնչեան գիտելիքները։ Ծրագիրին առաջին փուլը իրականացած էր Մայիսին։ Մալաթիայի Հայորդեաց տան մէջ կայացած մրցոյթի հարցերը կազմուած էին աստուածաշնչեան պատմութիւններու հիման վրայ, որոնք սաները ուսումնասիրած էին կրօնի դասերուն։ Եզրափակիչ փուլի մասնակիցներուն ընծայուեցան Աստուածաշունչ մատեաններ։
Միջոցառման աւարտին Հայորդեաց տուներու սաները ընդունեց Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց նախաձեռնութիւնը՝ գոհունակութիւն յայտնելով Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրման գործին մէջ սաներուն ցուցաբերած ջանասիրութեան առնչութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հոգեւոր կրթութեան դերը մանուկներու եւ պատանիներու քրիստոնէական եւ ազգային նկարագրի կերտման կարեւոր առաքելութեան մէջ՝ յորդորելով սաները սերտել Սուրբ Գիրքը եւ Սուրբ Գիրքի պատգամները կենսագործել առօրեայ կեանքի մէջ։
Հայոց Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան, Հայորդեաց տուներու հոգեւոր սպասաւորներուն, տնօրինութեան, մանկավարժներուն եւ սաներու ծնողներուն՝ նուիրեալ ու նախանձախնդիր աշխատանքի համար։
Հանդիպման աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկաներուն տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը՝ մաղթելով, որ զօրանան հաւատքի մէջ, ըլլան ազգի արժանաւոր զաւակներ, սիրով շարունակեն ուսումը եւ իրենց գիտելիքներն ու շնորհները ծառայեցնեն մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարօրութեան ու յառաջընթացին։
