Թուրքիոյ Ուղղուած Կոչական Սպառնալիքներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Շահան Գանտահարեան


Անգարա-Մոսկուա ռազմավարական դաշինքի գործարքային մասը` «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու առումով  առ այս պահը զուտ յայտարարողական մակարդակի վրայ անհանգստացուցած է Ուաշինկթընը, որ պատժամիջոցներու կիրարկման մասին բարձրաձայնումները կատարէ: Թէեւ պէտք չէ մոռնալ նախագահ Թրամփի կատարած յայտարարութիւնը այս մասին, որ Թուրքիոյ նախագահը Մոսկուայի հետ ռազմական առք ու վաճառքի առումով մեղաւոր չէ: Պատճառաբանութիւնը` երկրորդական է այս պարագային. կարեւորը Անգարայի հետ կամուրջները բանուկ վիճակի մէջ պահելու վարքագիծի դրսեւորումն է: Հիմա, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարն է, որ կը հաւաստիացնէ, թէ նախագահ Թրամփ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ` հիմնուելով օրէնքներու վրայ: Այստեղ օրէնքը յատկանշական է, այն առումով, որ կը յստակացնէ, թէ պատժամիջոցներ կը կիրարկուին Միացեալ Նահանգներու հակառակորդ երկիրներուն դէմ:

Կանխահաս է հաստատելը, որ Թուրքիան կը դասակարգուի Միացեալ Նահանգներու հակառակորդ պետութիւններու շարքին: Պէտք չէ մոռնալ, որ իրաւական ընթացակարգ չէ մտած Թուրքիան պատժելու որոշումը եւ թէ չի բացառուիր, որ յանկարծ շեղում արձանագրուի պաշտօնապէս կատարուող յայտարարութիւններէն: Իրանի դէմ հրաձիգները բարձրացած էին երկինք, եւ յանկարծ հարուածելու գործողութիւնը չէզոքացուած էր նախագահ Թրամփի կողմէ: Պատժամիջոցներու որոշումի ուրուագիծն է, որ կ՛երեւայ այժմ պարզապէս:

Երանգային տարբերութիւն գոյութիւն ունի եւրոպական քաղաքական միջավայրերու մէջ` Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքականութիւնը խստացնելու առումով:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ Պրիւքսելի մէջ կայացած արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի նիստէն ետք գրաւոր յայտարարութիւն տարածուած է, ըստ որուն` Եւրոպական Միութիւնը որոշած է միաժամանակ դադրեցնել Անգարայի հետ տեղի ունեցող բոլոր բարձր մակարդակի հանդիպումները, անոնց շարքին` Թուրքիոյ հետ օդային փոխադրութեան համապարփակ համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները, Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա գործընկերութեան խորհուրդի նիստերը:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Եւրոպական խորհուրդը կը նուազեցնէ 2020-ի համար Թուրքիոյ տրամադրուելիք ֆինանսական աջակցութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Եւրոպական ներդրումային դրամատան առաջարկուած է վերանայիլ Թուրքիոյ տրամադրուող նիւթական աջակցութեան պայմանները:

Այստեղ պատժամիջոցներ կիրարկելու մղիչ գործօնը առաւելաբար կը վերաբերի Կիպրոսի ջրային տարածքներուն մէջ Թուրքիոյ ձեռնարկած հորատման աշխատանքներուն: Այդ աշխատանքները դադրեցնելու բազմակողմ պահանջները նկատի չեն առնուիր Անգարայի կողմէ:

Այստեղ եւս առայժմ դադրեցնել,  յանձնարարել, նախատեսել` կոչական բնոյթի յայտարարութիւններ են, որոնք Պրիւքսելը կ՛ուղղէ Անգարային:

Մինչ Անգարան կը շարունակէ ռազմական առք ու վաճառքն ու կիպրական ջրային տարածքներու մէջ հորատումի աշխատանքները: Աւելի՛ն. համաձայնեցնելով իր գործողութիւնները Մոսկուայի եւ Թեհրանի հետ, կը ձեռնարկէ դէպի Իրաք սահմանափակ ներխուժումներու կամ դէպի Սուրիոյ սահման ռազմական կուտակումներու:

Պատժամիջոցներու սպառնալիքի դրսեւորումները կրնան շարունակուիլ: Թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Պրիւքսելը հեռու են դեռ Անգարայի հետ ուղղակի բախման կէտերէն: Երկուքն ալ սակայն Իրանի հիւլէական դաշինքի վերագործարկման կարելիութիւններուն վրայ կը շեշտեն, Թեհրանի նկատմամբ եւս բախման կէտերը շրջանցելու կամ ընդհանրապէս նման փուլէ խուսափելու համար:

Անգարայի արտաքին համարձակ քայլերը կրնան մեկնաբանուիլ ներքին հետզհետէ դիւրաբեկուող իրավիճակի զարգացումով: Գերնախագահական լիազօրութիւններ ունեցող Էրտողանը արտաքին յաւակնոտ քայլերու կը դիմէ ներքին ամրակայութիւն վերաշահելու համար:

Քաղաքական ներքին անկայունութիւն ուրուագծող իրավիճակին վրայ կ՛աւելնայ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալ գործողութիւններու վերսկսումի երեւոյթը: Որքան ալ հեռու երեւին բախման կէտերը, կը թուի, որ թէկուզ յայտարարողական եւ կոչական պատժամիջոցային սպառնալիքներուն եւ ներքին անկայունութեան առաջնորդող նախադրեալներու հրահրման մէջ որոշակի կապեր կան: Անգարան հետզհետէ կը սպառէ ներքին-արտաքին յաւակնոտ քայլեր առնելու առաձգականութեան օղակներու օգտագործման միջոցները: