Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Արձագանգը Լիբանանեան Մամուլի Եւ Ընկերային Ցանցերու Էջերէն
«ԱԶԴԱԿ»
Պատրաստեց՝ ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս լիբանանեան մամուլը արձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին եւ այս առիթով կազմակերպուած (24 նպրիլ 2026) ոգեկոչման ձեռնարկներուն` անդրադառնալով մասամբ յօդուածներով, թղթակցութիւններով կամ անհատական տեսակէտներով ընկերային ցանցերու զանազան հարթակներուն վրայ:
Ստորեւ` նշեալ արձագանգներու ամփոփ զեկուցումը:
Բնականաբար բոլոր թերթերն ու ընկերային ցանցերու լրատուական էջերը կամ կայքերը անդրադարձան Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման առիթով հրապարակած յայտարարութեան, որուն մէջ ան բնորոշած է իր կեցուածքը` «մարդկային ողբերգութիւն» որակելով Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Լիբանան հաւատարիմ պիտի մնայ ազատութեան ու բազմազանութեան եւ համակեցութեան օրրան ըլլալու իր առաքելութեան» խորագրեալ գրութեան մէջ ան անդրադարձած էր Լիբանանի մէջ հայութեան ներկայութեան եւ դերակատարութեան` հաստատելով, որ` «Հայեր յստակ դրոշմ դրին Լիբանանի արդի երթին մէջ»:
«Նահար» թերթը նոյնպէս այս առիթով հրատարակած է հայերու որպիսութեան ու ինքնութեան պահպանման մասին յօդուած մը` ստորագրութեամբ լիբանանցի լրագրող- մեկնաբան Ուաժտի Արիտիի, որ անդրադարձած էր հայութեան ինքնութեան ու գաղթականութեան մարտահրաւէրներուն` հարց տալով, թէ ո՛ւր է հայու ինքնութեան պահպանման գաղտնիքը:
Նոյն առիթով «Նահար» ընկերային ցանցերու իր էջերով լուսարձակի տակ առած էր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները` իր ոսպնեակը ուղղելով Անթիլիասի մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած օրուան արարողութիւններուն: Այս առիթով թերթը տեղեկութիւններ հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ առհասարակ հայութեան մասին` կարճ զրոյցներ ունենալով Անթիլիասի մայրավանքի ձեռնարկին ներկայ եղող հայ ազգայիններու հետ, որոնց կարգին` Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամ Գրիգոր Էքմեքճեանի հետ:
«Ժումհուրիա» թերթը իր 24 ապրիլ 2026-ի թիւով (էջ 6) հրապարակած է փրոֆ. Վիքի Չափարեանի «Յիշողութիւնը իբրեւ արդարութիւն» խորագրեալ յօդուածը:
Մամլոյ կարգ մը թերթեր եւ կայքեր (ինչպէս «Ուիքալա Ուաթանիա», «Լիուաա», «Մակազին», «Հարֆ արապի փլաս», «Աժուա փրես», «Նիքոլազ նիուզ», «Ալայեամ» հրատարակած են հայ երեք կուսակցութիւններու (ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ) հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը եւ նոյն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հօր Անթիլիասի մայրավանքէն ուղղած պատգամը:
«Լ՛Օրիան Լը Ժուր» լիբանանեան ֆրանսատառ թերթը անդրադարձած է այս առիթով Անթիլիասի մայրավանքի ձեռնարկին եւ Արամ Ա. վեհափառ հօր պատգամին` սեղմ լրատուութեամբ: Թերթը մէջբերած է իր մէկ ընթերցողին կեցուածքը, որուն մէջ ան դիտել կու տայ, որ Ցեղասպանութիւնը յիշելու զուգահեռ, ապրիլ 24-ը նաեւ առիթ է` յիշելու հայկական աւանդութիւնները, պահպանելու ճաշատեսակները, մեր առօրեային մէջ վառ պահելու հայկականութիւնը:
«Շարք» թերթը երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2026-ի թիւով հրատարակած է իր տնօրէնին` Աունի Քաաքիի առաջնորդող «Թուական մը, զոր կարելի չէ մոռնալ» խորագրեալ յօդուածը:
«Ախպար Ալ Եաում» լրատուական գործակալութիւնը իր 22 ապրիլ 2026-ի թիւով հրապարակած է նախկին նախարար Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենի հաղորդագրութիւնը, ուր ան Հայոց ցեղասպանութեան առիթով հետեւեալը գրած է.
«Հայութեան կեանքին եւ պատմութեան մէջ կարեւորագոյն փուլը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին անոր դիմագրաւած Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնն է, որուն պատճառով մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան` օսմանեան բարբարոսութեան եւ տեղահանումի գողգոթային ընթացքին:
«Հայ ժողովուրդի փորձառութիւնը նման է Լիբանանի փորձառութեան` նկատի ունենալով, որ Լիբանան, իր կարգին, դիմագրաւեց օսմանեան վայրագութիւնները եւ Պէյրութի Պուրճի հրապարակին վրայ զետեղուած կախաղաններուն վրայ նահատակներ մատուցեց` ի խնդիր իր ազատութեան: Այդ նահատակներուն հոգիները իրարու մէջ ձուլուելով է, որ կրցան մարմնաւորել Լիբանանի ազատութեան եւ համակեցութեան երկիր ըլլալու առաքելութիւնը:
«Այս առիթով եւ վերյիշելով մեր պատմութեան ցաւալի էջերը`չենք կրնար չոգեկոչել հայութեան նահատակներուն յիշատակը` մաղթելով, որ Լիբանան վայելէ այնպիսի հայրենիք մը, ուր զօրաւորը կարեկցի տկարին, իսկ ժողովուրդը այլեւս չենթարկուի կարիքի, աղքատութեան, անօթութեան ու հիւանդութեան, եւ Լիբանանը մնայ խաղաղութեան արժանի երկիր մը»:
Իսկ ընկերային ցանցերու, յատկապէս «Էքս»-ի վրայ լիբանանցի ղեկավարներ ու հեղինակաւոր դէմքեր հետեւեալ գրառումները արձանագրած են Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման առիթով.
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ գրած է. «111 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն, ու Լիբանան քաջ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ արեան յիշողութիւնը եւ ջարդերու պատճառած տառապանքը 1915-էն մինչեւ օրս: Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ եթէ ատելութիւնը չվերացուի, ինքզինք կը կրկնէ երէկի ու այսօրուան միջեւ տարբեր ձեւերով, մէկ խօսքով, մոռացումը վտանգաւոր է… ու արդարութիւնը միակ ուղին է, որպէսզի այդ երեւոյթը չկրկնուի»:
Փաղանգաւոր կուսակցապետ, երեսփոխան Սամի Ժեմայել գրած է.
«Իւրաքանչիւր տարուան ապրիլին կը վերյիշենք, կը վերակոչենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, Սէյֆոյի ջարդերը, Լեռնալիբանանի սովը, եւ ամէն ինչ, որ պատահեցաւ այս հողերու քրիստոնեաներուն եւ մեր նախնիներուն` անիրաւութենէ, ոճիրներէ եւ գոյութեան ու ինքնութեան բնաջնջումի փորձերէն: Կ՛ոգեկոչենք այս ուղենիշները հաստատելու համար, որ պատմութիւնը բացայայտօրէն անխախտ է ու կը հաստատէ, որ գրաւումի, բռնաճնշումի, կոտորածներու եւ «միւսը» ջնջելու եւ վերացնելու վրայ հիմնուած բոլոր վարչակարգերը, ուշ թէ կանուխ, որքան ալ ժամանակը թաւալի, կործանած ու յանգած են շիջումի ու անհետացման: Փոխադարձաբար` գոյատեւած են այն օրրանները, ազգերը, որոնք ճանչցած են «միւսը», յարգած են անոր պատմութիւնը, անոր իրաւունքները, անոր իւրայատկութիւնը: Ա՛յս է պատմութեան ընթացքը, որեւէ անիրաւութիւն չի յարատեւեր, որեւէ յիշողութիւն չի ջնջուիր ու որքան որ կ՛ապրինք ու ականատես կ՛ըլլանք, այս իրողութիւնները առաւել եւս կ՛ամրագրուին, կը հաստատուին աւելի քան երբեք:
– Փաղանգաւոր կուսակցութենէն երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ գրած է.
«Փորձեցին բնաջնջել հազարամեակներու քաղաքակրթութիւն ունեցող ամբողջ ազգ մը, սակայն բռնապետութիւնը շիջեցաւ, եւ ազգը մնաց, ու մնաց նաեւ քաղաքակրթութիւնը: Յիշողութիւնը աւելի հզօր է, քան` մոռացումը, իսկ ճշմարութիւնը անջնջելի կը մնայ, որքան ալ թաւալի ժամանակը»:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար տոքթ. Սամիր Ժահժա գրած է. «Պայքարող ժողովուրդներու աւանդը առկայ է, ներկա՛յ է մեզի հետ»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Յիշէ՛, աշխարհ» գրած է «Էքս»-ի իր էջին վրայ հետեւեալ նկարի կողքին.
Նախկին նախարար Նիքոլա Սեհնաուի Դիմատետրի իր էջին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան նկարի մը կողքին գրած է.
«Հայոց ցեղասպանութեան տառապանքէն մինչեւ իսրայէլեան ռմբակոծման բոցերը, որոնց մէջ կ՛ապրի ներկայիս Լիբանան, մնալու, գոյատեւելու հաւատքը կը մնայ աւելի ուժեղ, քան` բնաջնջման փորձերը: Արդարեւ, ինչպէս որ հայեր տոկացին ոչնչացման ու վերացման դէմ, Լիբանան եւս կը վերականգնի մոխիրներուն ընդմէջէն` կառչած մնալով գոյատեւման ու ապրելու իր իրաւունքին, որքան ալ դառն ու դաժան ըլլայ յարձակումը»:
– Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն երեսփոխան Սամի Ապու Ռամիա իր յատուկ էջին վրայ գրած է. «Ժողովուրդներու իրենց գոյատեւման իրաւունքին կառչելու կամքը հզօրագոյն պատասխանն է բնաջնջման ու ժխտումի բոլոր փորձերուն, արդարեւ, չկայ արժանապատուութիւն` առանց ճշմարտութեան, ու չկայ արդարութիւն` առանց ճանաչման: Ցաւէն մինչեւ գործընկերութիւն` Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնը կը հիմնուի հասարակաց յիշողութեան ու տոկալու անկոտրում կամքի վրայ»:
















