Հայոց Անկախ Պետականութիւնը Պէտք է Խոհեմութեամբ, Նուիրումով ու Նախանձախնդրութեամբ Փայփայել․ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ

Մայիս 19-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը։

Ժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած էին Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի գումարման, երկրի առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներուն, հակաեկեղեցական արշաւին, ապօրինաբար ազատազրկուած եկեղեցականներու եւ միւս հայորդիներու նկատմամբ ընթացող իրաւական գործընթացներուն, կիրակնօրեայ դպրոցներու դասագիրքերու պատրաստման ուղենիշներուն, ՀՀ Զինուած ուժերուն եւ քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ իշխանութեան նախաձեռնութեամբ հոգեւոր ծառայութեան դադարեցման առնչուող հարցեր։

Օրակարգային հարցերու շրջանակին մէջ ԳՀԽ-ն անդրադարձաւ նաեւ ԵԽԽՎ նախընտրական պատուիրակութեան Մայիս 13-ին հրապարակած միջանկեալ յայտարարութեան, ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երկրին մէջ ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին եւ նախընտրական շրջանին մէջ արձանագրուած դատապարտելի երեւոյթներուն, որոնց առնչութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ․

«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը խորապէս մտահոգուած է ՀՀ առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնների նախաշեմին քարոզարշաւի ընթացքում քարոզչական անընդունելի միջոցների, այդ թւում՝ բռնաճնշումների, ոչ իրաւաչափ ուժի կիրառման առնչութեամբ։ Տեղ գտնող թշնամանքի ու ատելութեան խօսոյթը, անվայելուչ եւ անպարկեշտ բառապաշարը միմիայն պառակտում եւ առաւել բեւեռացնում են մեր հասարակութեանը՝ ժողովրդի մէջ առաջ բերելով ընդվզում, հիասթափութիւն եւ նոր լարուածութիւն, նաեւ լրջագոյն սպառնալիքներ ստեղծելով հայոց պետականութեան համար։

Անթուլատրելի եւ դատապարտելի ենք նկատում յանուն քաղաքական սեփական նկրտումների՝ Եկեղեցու եւ եկեղեցականութեան թիրախաւորման քայլերը, ինչպէս եւ Հայոց Եկեղեցին քաղաքական գործընթացների մէջ արհեստականօրէն ներքաշելու փորձերը։ Այս լոյսի ներքոյ խիստ տարակուսելի է ԵԽԽՎ նախընտրական պատուիրակութեան՝ Մայիսի 13-ի միջանկեալ յայտարարութեան մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու «քաղաքականութեան մէջ աննախադէպ ներգրաւուածութեան» վերաբերեալ արձանագրուած գնահատականը, որը նկատում ենք ապատեղեկատուութեամբ ուղղորդեալ եւ ամբողջովին հակասող ԵԽԽՎ 2026 թ․ Յունուարի 25-ի թիւ 2633 (2026) բանաձեւին։ Փոխարէնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ԵԽԽՎ-ից ակնկալում է յստակ գնահատականներ Հայաստանում Հայոց Եկեղեցու դէմ իշխանութիւնների սանձազերծած արշաւի, հակառակ երկրի օրէնսդրական կարգաւորումների եւ միջազգային իրաւունքի՝ պետական լծակների բացայայտ գործադրմամբ շարունակաբար դրուող արգելքների եւ սահմանափակումների առնչութեամբ, որոնք ուղղակի խոչընդոտներ են յարուցում Եկեղեցու հոգեխնամ առաքելութեան մէջ։ Հասցէական արձագանգի են կարօտ անօրինական այնպիսի գործողութիւնները, ինչպիսիք են՝ հարկադրանքի միջոցներով եւ սպառնալիքներով եկեղեցականների վրայ ներազդելու, մի շարք հոգեւորականների նկատմամբ ապօրինի քրէական վարոյթներ նախաձեռնելու, եկեղեցական կանոնակարգից շեղուած հոգեւորականներին խրախուսելու, առանձին քահանաների հետ ապօրինի աշխատանքային պայմանագրեր կնքելու, իսկ կարգալոյծներին պետական հովանաւորմամբ հոգեւոր ծառայութեան նշանակելու դատապարտելի դէպքերը, որոնք ուղղակիօրէն ոտնահարում են ինչպէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու, այնպէս եւ մարդու հիմնարար ազատութիւններն ու իրաւունքները։

Միջազգային պատկան կառոյցների եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնների արդարամիտ արձագանգի են սպասում նաեւ աշխարհասփիւռ Հայոց Եկեղեցու ինքնակառավարմանը միջամտելու իշխող քաղաքական ուժի հակաիրաւական գործողութիւնները եւ յատկապէս՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրում Եկեղեցու ազգընտիր Հայրապետի գահընկեցութեան ճանապարհով Եկեղեցու «բարենորոգման» մասին արձանագրուած հաւակնութիւնները․ մի քայլ, որ եւս հակականոնական է եւ հակաօրինական։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հարկ է նկատում վերստին արձանագրել, որ Եկեղեցուց եւ եկեղեցական իրաւասու մարմիններից դուրս որեւէ կառոյց՝ անգամ պետական ու քաղաքական իշխանութեամբ օժտուած, չի կարող իրականացնել եկեղեցական կեանքի «բարենորոգում»։ Ընտրութիւնների արդիւնքում ժողովրդի շնորհած վստահութեան քուէն բացառապէս կարող է օգտագործուել պետական ինքնիշխանութիւնն ամրապնդելու, երկրի սահմանների անձեռնմխելիութիւնն ապահովելու, ազգային ինքնութիւնը զօրացնելու եւ հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու համար։ Հայոց պետութիւնն իր ազգակերտ առաքելութեամբ բոլոր ժամանակներում եղել է ամուր պատուարը մեր ինքնութեան, խարիսխը մեր յարատեւութեան։ Հայոց անկախ պետականութիւնը պէտք է խոհեմութեամբ, նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ փայփայել եւ արկածախնդրութիւններով երբեւէ վտանգի չենթարկել։

Թող Երկնաւոր Տէրը մշտամնայ Իր օրհնութեան ներքոյ խաղաղութեան ու անվտանգութեան մէջ պահի երկիրը Հայոց եւ Իր լոյս պատուիրաններով համայն հայ ժողովրդին առաջնորդի միմիայն Աստուածահաճոյ, հայրենաշէն եւ ազգօգուտ շաւիղներով»։