Կօշիկներդ Չթափես, Հայորդի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ   

Երբեւիցէ չէր հետաքրքրած զիս կօշիկը: Քիչ մըն ալ անտարբեր եղած եմ կօշիկներու հանդէպ: Չեմ ախորժած կօշիկի մասին շատ զրուցողներէն եւ կօշիկի ճոխ հաւաքածոյ ունեցողներու ինքնագով ելոյթներէն: Անհրաժեշտ բան մըն է, որ կը հագնիս, կը մաշի եւ կը թափես: Կը ծածկէ ոտքերդ եւ կը պաշտպանէ գետնի հետ շփումէն: Նախընտրելի է ըլլայ մաքուր եւ ճաշակաւոր:

Բայց, արմատապէս փոխեցի կարծիքս այն պահուն…

Հիմա, կօշիկներու մէջ կը տեսնեմ արցունք, քրտինք, տառապանք, սերունդի մը վշտաչարչար մանկութիւնը եւ տոկալու բնազդը, այն պահուն…

Այն պահուն, երբ կը գտնուէի Ճըպէյլի Արամ Պէզիքեանի անուան թանգարանի մուտքին, կողքին՝ Թռչնոց Բոյնը եւ Ճըպյէլի որբանոցին «մայրիկ» Մարիա Ճեքըպսընի դամբանը, սարսուռ մը ապրեցայ, երբ գետնին նշմարեցի որբուկներու ոտնահետքեր: Կարծէք քիչ առաջ տասնեակ մը բոկոտն պատանիներ անցած են այնտեղէն:

Փափաքս էր տեսնել 2015-ին բացուած սոյն թանգարանը. վերջապէս սա մէկ մասնիկն է հայոց 20-րդ դարու պատմութեան: Բայց ի՜նչ իմանայի, որ այցելուն անխուսափելիօրէն պիտի դառնայ յուզումնախեղդ, անկարելի է չփղձկայ ակամայ, չգալարուի սիրտն ու հոգին անոր: Մուտքին՝ ժպտադէմ որբեր պպզած, կարծէք մեզ կը դիմաւորեն, իւրաքանչիւրը պարապ պնակ մը ունի իր առջեւ: Սակայն, ահազարհուր պահը, երբ կը լսես որբերու ճլվլոց՝ բակի մը մէջ խաղալով զբաղած, կը խայտան եւ կ’անգոսնեն իրենց մռայլ ճակատագիրը: Մանուկները ի՜նչ գիտնան թէ ինչպիսի դառնութիւն է ըլլալ ծնողազուրկ եւ հայրենազուրկ: «Մանկութիւն չունեցող մարդկանց» բեկորներ՝ մէկտեղուած Ճիպէյլի ափին, երբ տասնեակ հազարաւոր նմաններ կը կիսէին նոյն ճակատագիրը՝ իրենց ազգին վերապահուած ամենադժխեմ ճակատագիրը: Հոն՝ Ալեքսանդրապոլէն Քորֆու, Փորթ Սայիտէն Պաաքուպա, Նահր Օմարէն Տէօրթ Եոլ, Մերսինէն Այնթուրա ու Ղազիր եւ Նիկոսիա, Դիլիջանէն Էջմիածին ցանցնուած տասնեակ հազարաւոր անտէր անոք որբուկներ, անգիտակցաբար, կը դառնային կենդանի վկաները ցեղասպանութեան դաժանութեան, զոհերը հայրենահանման անագորոյն իրողութեան: Սակայն՝ միաժամանակ պիտի ըլլային կապը անցեալէն ապագայ խոյացող հայութեան վերածնութեան: Որբացած եւ որբերու սերունդ մը, որ իրենց կամքին ուժով հունտերը դարձան ազգին աճումին եւ յարատեւութեան:

Արդարեւ, որբապատումը Հայոց Ցեղասպանութեան ամենաողբերգական էջերէն մին է: Ո՞վքեր ենք մենք, եթէ ոչ որբերու զաւակներ, թոռներ, ծոռներ եւ ծոռնորդիներ: Բոլորս մեր արեան մէջ կը կրենք որբացած հայու մը սերմը, առհաւութեան դրոշմը: Պրպտեցէ՛ք իւրաքանչիւր հայու արմատները եւ կը յանգիք որբի մը անուան: Մենք ենք՝ մեր ահեղ ու տանջակոծ պատմութեամբ:

Կամկար քայլերով կը յառաջանանք թանգարանէն ներս: Կապարի ծանրութիւն մը կը ճնշէ մթնոլորտը: Աջ ու ահեակ որբերու լուսանկարներ՝ որոնց աչքերը թաց են ու արդէն խամրած, դէմքերը տմոյն, ժպիտները կեղծ, կուշտ-կուշտի կը մխիթարուին աշտուճ մը նկանակով, որ այդ օրերուն մեծ բախտաւորութիւն կը նկատուէր. դեռատի դէմքեր՝ տեսած զարհուրելի պատկերներ՝ կոտորածի, անապատի, լքուած դիակներու եւ արիւնոտ աչքեր ջարդարարներու: Աղարծի պարմանիներ՝ սովալլուկ եւ վշտակոծ՝ որոնք չեն գիտեր թէ իրենք ո՞վքեր են, որո՞նց զաւակները, իրենց անուններն ու պատկանելիութիւնը: Հազարներ շարուած անտէր հօտի նման՝ գայլերու ժանիքներէ մազապուրծ: Կը կարդանք երկար ցանկեր որբերու, անուններ եւ անուններ: Ուրկէ՞ եկան եւ ո՞ւր գացին այդ բարի եւ անմեղ պատանեակները: Ինչպէ՞ս հասակ նետեցին եւ ապա դարձան ազգային վերածնունդի մէկական խորհրդանիշներ: Մէկ կողմէ կոկորդդ կը խեղդէ յուզումդ, կսկիծդ, միւս կողմէ՝ կ’ուզես ինքնամխիթարուիլ ազգային յաւերժութեան գաղափարով: Յուսաժպիտ դիմակալել սա մռայլ պահը:

Բայց… տակաւին կար ամենասոսկալին: Հո՛ն է որ կքեցայ: Կքեցայ լալագին:

Վարագոյր մը եւ ներքեւը որբուկներու անկօշիկ ոտքեր՝ աւազներու վրայ կանգնած: Սահմռկեցուցիչ պահ մը: Կը փշաքաղուի ողջ մարմինդ: Արցունքը կը խուժէ աչքերդ: Զայրոյթը կը համակէ ամբողջ էութիւնդ: Պատկերացնել, որ տարիներ կօշիկ, մաշիկ, հողաթափ, տրեխ, սօլեր, մուճակ չեն հագած այդ մանկիկները: Նոյնիսկ երազած են ունենալ երսանկ մը էժան: Անոնց զաղփաղփուն մարմինները մնացած են անպաշտպան գետնի աւազէն, խճաքարէն, տօթէն, տիղմէն ու տատասկէն: Հազարներ՝ առանց կօշիկի եւ տարիներ ապրած առանց իմանալու թէ ինչ է կօշիկը: Ինչքա՜ն երազած են ունենալ կօշիկ մը սեփական: Աւելի ուշ՝ կոշտացած ոտքի ծածկոյթ մը ունենալը դարձեր է օր մը տօնական:

Արդեօք որքա՜ն ցաւած են ներբանները մեր մեծ հայրերուն. կոշկոռ ու պինդ կապած ոտքերը անոնց. անզգայ եղած՝ ինչպէս սիրտերը իրենց ծնողաց դահիճներուն: Կեղտոտ եւ ճաքած ոտքեր՝ որոնք կիզիչ արեւուն տակ արիւնոտեցան՝ որովհետեւ զաւակներն էին ժողովուրդի մը տառապակոծ:

Եւ ինչպէ՞ս չխոնարհիլ այդ սերունդի խլեակներուն առջեւ, որոնք աւազներու վրայ, որբանոցներու մէջ, կեանքին յուսաժպիտ նայեցան, ներքին անվհատ ուժով հայուն նոր կեանքը կերտեցին, բարձր ճակատով եղան տիպար ու գիտակից քաղաքացիներ հոն՝ ուր ապրեցան:

Ճըպէյլի ափին թառած Արամ Պէզիքեան թանգարանը, շառաչուն ապտակ մըն է հայուն տառապանքները ուրացողներուն ուղղուած: Ամօթի խարան մը մարդկութեան պատմութեան, որովհետեւ ամէն այցելու չի կրնար չցնցուիլ այդ քստմնելի լուսանկարներուն դիմաց եւ հարց տալ.- այդքա՞ն անսիրտ են մարդիկ՝ մինչեւ իսկ անմեղ մանուկներու հանդէպ:

Արտասուալից աչքերով, թանգարանէն դուրս գալով, ակամայ կ’անիծեմ մարդուն գազանութիւնը եւ կը հաստատեմ, որ այս թանգարանը միայն հայուն չէ որ կը վերաբերի, այլեւ՝ մասնիկ մըն է մարդկային պատմութեան՝ բաց դասագիրքի ձեւով:

Շնորհակալութիւններ թանգարանին նախաձեռնութեան հովանաւոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Վեհափառին, Թռչնոց Բոյն-ի որբերէն՝ Արամ Պէզիքեանի շառաւիղ, բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանին, անոր ճարտարապետութեան հեղինակներուն, հոգատարներուն եւ մեր կիզող անցեալը սերունդներու յիշողութեան կտակած նուիրեալներուն:

Թանգարանէն դուրս գալով, կօշիկներու մէջ սկսայ տեսնել անկօշիկներու արցունքը, հայ որբերու զրկանքը եւ այժմ պարտաւոր եմ ըսել ձեզի.- կօշիկներդ չթափես, հայորդի, չէ՞ որ մեր մեծ հայրերը կ’երազէին ունենալ զոյգ մը կօշիկ՝ տօներուն հագնելու համար: Մի՛ թափեր կօշիկդ, շատեր կարիքն ունին անոր: