«Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Իսլամը» Գիրքին Հեղինակին Դէմ Դատ Բացուած է

Աշխարհ

Թուրքիոյ մէջ դատ բացուած է «ՀայոցՑեղասպանութիւնը Եւ Իսլամը» հատորին հեղինակին դէմ, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը։

Արդարեւ, թուրք քաղաքացի մը Իզմիրի մէջ դատական հայց ներկայացուցած է հատորին հեղինակ Տենիզ Տղայսպուշի եւ հատորին խմբագիր Էմրէ Աքարի դէմ՝ դատապարտելով գիրքին մէջ գտնուող «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները»:

«Գիրքին մէջ մեր երկիրը եւ ազգային արժէքները նսեմացնող արտայայտութիւններ կան: Կը պահանջեմ, որ անյապաղ անհրաժեշտ իրաւական գործընթացը սկսի նշեալներուն դէմ», կ՛ըսուի  հայցին մէջ: