Թուրքերուն Զայրացուցած է National Geographic-ի Գրութիւնը

Այլեւայլ, Հայաստան

National Geographic ամսագիրը Արարատ լերան հերթական լուսանկար հրապարակած է: Ամառուան տապին Instagram–ի բաժանորդներուն ամսագիրը ցոյց տուած է լերան ձմեռնային լուսանկարները` ձիւնի մէջ եւ մոխրագոյն երկինքի տակ, կը հաղորդէ arenanews.am-ը։

«Արարատը յանգած հրաբուխ է Թուրքիոյ արեւելքը: Սա երկրի ամենաբարձր կէտն է: Գիտնականները այն կարծիքին էին, որ պարտադիր չէ, որ բիբլիական Արարատ լեռը համընկնի այսօրուան Արարատի հետ: Սակայն 11-րդ դարէն քրիստոնէական աշխարհը այն կարծիքին յանգած է, որ Նոյեան տապանը այստեղ հանգրուանած է»,- լուսանկարին կից գրած են հեղինակները:
Վերջաւորութեան` հաշթեկերով ամսագրի խմբագիրները կարեւոր «յիշեցում»մը ըրած են` առաջին թակին մէջ գրելով #armenia:

Ի հարկէ, զայրացած օգտատէրերը տարբեր մեկնաբանութիւններ ըրին, անոնց, հաշթակէն բացի, զայրացուցած էր այն, որ լեռը նշուած էր Արարատ, այլ ոչ թէ անոր թրքական անուանումով` Աղրի:

Սակայն զայրացած քաղաքացիներու համար պարզաբանեց օգտատէրերէն մէկը, ամէն ինչ ճիշդ է, քանի որ լուսանկարը առնուած է Հայաստանի կողմէ: