«Կիլիկիա. Առիւծներու Երկիր» Երեք Ֆիլմերը Պիտի Ցուցադրուին Պէյրութի եւ Երեւանի Մէջ

Սփիւռք

Յուլիս 17-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ` «Մեթրոպոլիս էմփայր սոֆիլ» թատրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Կիլիկիա. առիւծներու երկիր» երեք պատմական ֆիլմ–ակնարկներու փակ դիտումը, կը հաղորդէ Orer.eu-ը:

Ցուցադրութեան եւ քննարկման հրաւիրուած են Լիբանանի կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ լրագրողներ:

Գաղափար-նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է «Գոհար» նուագախումբի հիմնադիր` Խաչատուրեան ընտանիքի, մասնաւորապէս լիբանանահայ բարերար Յարութ Խաչատուրեանի հովանաւորութեամբ:

Նպատակ ունենալով ամբողջ աշխարհի մէջ տարածել եւ սերունդներուն հասանելի դարձնել հայկական երաժշտութիւնն ու մշակոյթը` «Գոհար»-ը այս անգամ ֆիլմի միջոցով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմական փառահեղ էջերէն մէկը` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը:

Կիլիկիոյ դրօշները, որոնք բազմիցս ծածանած են «Գոհար»-ի համերգներու ժամանակ բազմահազար հանդիսատեսի կողմէ, այժմ պիտի ծածանին պաստառէն այն կողմ` պատմական հերոսներու ձեռքով:

Երեք ֆիլմ-ակնարկները` ամփոփ գեղարուեստական մօտեցումով, հանդիսատեսին հաղորդակից կը դարձնեն Կիլիկիոյ հզօրագոյն թագաւորական ընտանիքներու երեքդարեայ պատմութեան: Հարկ է նշել, որ ֆիլմ-ակնարկները նկարահանուած են հայաստանեան «Տոմինօ Փրոտաքշըն» ընկերութեան կողմէ ` Հայաստանի մէջ: ֆիլմին բեմադրիչն է Աշոտ Առաքէլեանը:

Աշնանը ֆիլմ-ակնարկներու անդրանիկ ցուցադրութիւն տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ: