Լոյս Տեսաւ «Նեմեսիս» Գործողութեան Նուիրուած «Դահիճները» Հատորը

Աշխարհ, Սփիւռք

Վերջերս Միշիկընի մէջ «MAG and Associates» հրատարակչատան կողմէ հրապարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած թուրք ղեկավարներուն դէմ մահապատիժներ գործադրած «Նեմեսիս» գործողութեան մասին Ճորճ Մուրատեանի հեղինակած «The Executioners» («Դահիճները») հատորը։

138 էջնոց գիրքին մէջ նաեւ կը փոխանցուի Հայաստանի եւ հայութեան համառօտ պատմութիւնը, հասնելով մինչեւ 1973-1994 տարիներուն Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք դիւանագէտներու դէմ գործադրուած պատժական գործողութիւնները։

Հատորին գինը 15 տոլար է, իսկ առաքման սակը՝ 5 տոլար։ Անկէ օրինակ մը ապահովելու համար կարելի է գումարը ղրկել MAG and Associates, 4489 Marcello Drive, Commerce Twp., MI 48382 հասցէին։