Հ․Գ․Խ․-ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղը Մասնակցեցաւ «Food For Good» 22-րդ Ճաշի Փառատօնին

Սփիւռք

Յունաստանի Կանանց միջազգային կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 2 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Գալամարիա» շրջանի  ծովեզերեայ վայրին մէջ, բազմահազար ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Food For Good» 22-րդ ճաշի փառատօնը, աւելի քան 30 երկիրներու մասնակցութեամբ։ «Ազատ օր»-ի տեղեկութիւններով՝ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ․Գ․Խ․-ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիները, համագործակցելով յունական մանկական գիւղ՝ «Ֆիլիրոյ»ի հետ՝ հայկական աւանդական ճաշեր եւ ուտեստեղէններ հրամցնելով ժողովուրդին։

Պէտք է ըսել, որ մասնաճիւղի անդամուհիները տքնաջան աշխատանքով կարողացան հայութեան պատիւը բարձր պահել։ Սոյն ձեռնարկին այցելեցին նաեւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ․ Փաշայեան, Թաղական խորհուրդի եւ շրջանիս մէ գործող միութիւններու անդամ-անդամուհիներ, ինչպէս նաեւ այլ կամաւոր անհատներ, իրենց բարձր գնահատանքը յայտնելով տիկիններու անխոնջ աշխատանքին։ Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան «Մասիս» պարախումբը՝ հայ պարն ու հայ արուեստը հրամցնելով օտարներուն։

Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեգործական նպատակներու։