Վերանորոգումի Առիթը Այսօր Իսկ Փնտռել

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ա­զատ Օր»-ի խմբագրական

Ա­մառ­նա­յին շրջա­նի հան­գիս­տի մթնո­լոր­տին մէջ, ա­մէն տե­սա­կի զբա­ղում­նե­րուն հետ կը նո­ւա­զի նաեւ մեր գա­ղու­թի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ ­Հա­մախմ­բո­ւե­լու ա­ռիթ­նե­րը սա­կա­ւա­թիւ են, իսկ վար­չա­կան սե­ղան­նե­րուն շուրջ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւս կ­՚ազ­դո­ւի վար­չա­կան­նե­րու ար­ձա­կուր­դի բնա­կան ու տար­րա­կան մարդ­կա­յին պա­հան­ջէն։

Ընդ­հան­րա­պէս, ա­մառ­նա­յին հան­գիս­տի մթնո­լոր­տին մէջ անտ­րա­մա­դիր կ­՚ըլ­լանք մտա­ծե­լու հա­մար վե­րա­մու­տէն ետք բո­լոր այն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք մեր ազ­գա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի ան­բա­ժան մաս­նիկ­նե­րը կը կազ­մեն։ ­Կը նա­խընտ­րենք այդ տե­սա­կի մտա­ծում­նե­րը ձգել վե­րա­մու­տին հա­մար, մինչ այն ժա­մա­նակ եւս՝ ա­ռօ­րեայ աշ­խա­տանք­նե­րու հեւ­քի հո­սան­քին մէջ դար­ձեալ մտնե­լով, վե­րար­ժե­ւոր­ման ու վե­րա­նո­րոգ­ման մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը յա­ճախ կը մնան մեր մտա­ծում­նե­րու մութ սե­նեակ­նե­րուն մէջ։

Մեր գա­ղու­թի ազ­գա­յին եւ հա­սա­րա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ինչ­պէս նշմա­րո­ւած է ա­մէն տե­սա­կի կեն­դա­նի ու գոր­ծուն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, մշտա­պէս կը կա­րօ­տի մտա­ծե­լա­կեր­պի եւ գոր­ծե­լա­ձե­ւի վե­րըն­ձիւղ­ման։ Ա­նի­կա հրա­մա­յա­կան եւ ան­յե­տաձ­գե­լի պա­հանջ մըն է, մա­նա­ւանդ՝ երբ սփիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կա­րե­լի չէ պա­տա­հա­կա­նու­թեան ձգել մեր հա­մայն­քա­յին բազ­մա­շերտ կեան­քի հինգ, տա­սը կամ քսան տա­րի յե­տոյ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու կան­խա­տե­սու­մը։

Մեր հա­մայն­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեան գլխա­ւոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը՝ հա­յա­պահ­պան­ման, այ­լա­սե­րու­մի դի­մագ­րաւ­ման, ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան, կրթա­կան հա­մա­կար­գի, նոր սե­րուն­դի կազ­մա­ւոր­ման, միու­թե­նա­կան ու ակմ­բա­յին կեան­քի ծաղ­կու­մին, ա­նոնց կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րաց­ման, յար­մար մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան, ժո­ղո­վուր­դին հետ մնա­յուն շփման մէջ մտնե­լու ու ա­նոր բազ­կե­րա­կին տրո­փիւն­նե­րը զգա­լու ա­մէն տե­սա­կի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը այ­սօր կը կա­րօ­տին լուրջ վե­րար­ժե­ւոր­ման։ Ե­թէ այդ հիմ­նախն­դիր­նե­րուն վրայ ա­ւելց­նենք նաեւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի թո­ւա­կան պատ­կե­րը ու կազ­մա­կերպ կեան­քէն հե­ռու մնա­ցած հա­զա­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րու (յատ­կա­պէս՝ ­Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թած) դառն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, այս բո­լոր հար­ցե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար հրա­մա­յա­կան կը դառ­նայ հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան զար­գաց­ման պա­հան­ջը, ո­րուն վրայ հիմ­նո­ւած պի­տի ըլ­լայ ո­րե­ւէ ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեան եւ վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման հո­լո­վոյ­թը։

Հե­տե­ւա­բար, ա­մա­ռո­ւայ հան­գիս­տի շրջա­նը, «ան­շար­ժու­թեան» մթնո­լոր­տէն մեզ դուրս հա­նե­լու ա­ռիթ մը պէտք է հան­դի­սա­նայ։ Չս­պա­սենք վե­րա­մու­տին, այն­պէս ինչ­պէս ա­շա­կերտ մը անտ­րա­մա­դիր կ­՚ըլ­լայ դուրս գա­լու ա­մա­ռո­ւան ար­ձա­կուր­դի մթնո­լոր­տէն եւ ազ­դե­ցու­թե­նէն։

Հի­մա ժա­մա­նակն է՝ որ­պէս­զի ա­մէն մէկ վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու անձ խոր­հի վե­րեւ նշո­ւած կեն­սա­կան խնդիր­նե­րուն մա­սին, ա­պա լու­ծում­ներ մշա­կէ, գա­լիք վե­րա­մու­տին զա­նոնք հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գե­րու հա­ւա­քա­կան քննարկ­ման ու նո­րա­ձեւ լու­ծում­նե­րուն ու­ղիին մէջ դնե­լու հա­մար։

Վե­րա­մու­տը մեզ պէտք է գտնէ կազմ ու պատ­րաստ՝ ա­ռանց ա­ւե­լորդ յա­պա­ղու­մի։